Psalm 87
Job « Psalm 86 ‹ Psalm 87 › Psalm 88 » Proverbs
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ՓԱՌՔԻ ՄԷՋ Կորխի որդիներուն սաղմոսը. երգ։
1Անոր հիմերը սուրբ լեռներուն վրայ են։
2Տէրը Սիոնի դռները Յակոբի բոլոր բնակարաններէն աւելի կը սիրէ։
3Փառաւոր բաներ կը պատմուին քեզի համար, Ո՛վ Աստուծոյ քաղաքը։ (Սելա։)
41Ռահաբն ու Բաբելոնը պիտի յիշատակեմ զիս 2ճանչցողներուն մէջ՝՝։ Ահա՛ 3Փղշտացիներուն երկիրը՝՝, եւ Տիւրոս՝ 4Քուշի հետ. Ասիկա հոն ծնաւ։
5Սիոնի համար պիտի ըսուի. «Այս կամ այն մարդը հոն ծնաւ», Եւ Ամենաբարձրը ի՛նք պիտի հաստատէ զայն։
6Երբ Տէրը ազգերը արձանագրէ, պիտի 5ըսէ. «Ասիկա հոն ծնաւ»։ (Սելա։)
7Երգողները, նոյնպէս ալ 6սրնգահարները պիտի ըսեն. «Իմ բոլոր աղբիւրներս քու մէջդ են»։