Loading...

Psalm 88

Job  «  Psalm 87  ‹  Psalm 88  ›  Psalm 89  »  Proverbs


Եզրահացի Եմանի երգը։


ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԵՐՍ Երգ. Կորխի որդիներուն սաղմոսը. Գլխաւոր երաժիշտին. մահալաթ-լէանօթի վրայ.

1

Ո՛վ Տէր, իմ փրկութեա՛նս Աստուածը, Ցերեկ ու գիշեր քու առջեւդ կ’աղաղակեմ։

2

Իմ աղօթքս քու առջեւդ թող ելլէ, Դարձո՛ւր քու ականջդ իմ 1պաղատանքիս.

3

Որովհետեւ իմ անձս ձախորդութիւններով 2լեցուեցաւ, Եւ կեանքս 3դժոխքին 4մօտեցաւ։

4

Գուբը իջնողներուն հետ սեպուեցայ. Ոյժ չունեցող 5մարդու մը պէս եղայ։

5

Մեռելներու մէջ 6ինկած եմ՝ Գերեզմանի մէջ պառկող 7սպաննուածներու պէս, Որոնք ա՛լ չես յիշեր, Եւ 8քու ձեռքէդ կտրուած՝՝ են։

6

Դուն զիս ամենէն 9խորունկ գուբին մէջ դրիր, Խաւարին ու խորխորատին մէջ.

7

Քու ցասումդ 10ծանրացաւ իմ վրաս, Եւ բոլոր կոհակներովդ զիս տառապեցուցիր։ (Սելա։)

8

Իմ ճանչուորներս ինձմէ հեռացուցիր, Զիս գարշելի ըրիր անոնց առջեւ. Արգելափակուեցայ, ու չեմ կրնար դուրս ելլել։

9

Տառապանքէն աչքերս մարեցան. Ամէն օր քեզի գոչեցի, ո՛վ Տէր, Ձեռքերս քեզի երկարեցի։

10

Միթէ մեռելներո՞ւն սքանչելիք պիտի ընես. Միթէ ուրուականնե՞րը պիտի կանգնին ու քեզ ներբողեն։ (Սելա։)

11

Միթէ կը պատմուի՞ քու կարեկցութիւնդ գերեզմանին մէջ, Եւ քու հաւատարմութիւնդ՝ 11վիհին մէջ։

12

Միթէ կը գիտցուի՞ն քու սքանչելիքներդ խաւարին մէջ, Ու քու արդարութիւնդ՝ մոռացումի երկրին մէջ։

13

Բայց ես, ո՛վ Տէր, քեզի՛ աղաղակեցի, Եւ աղօթքս առտուն քու առջեւդ պիտի ելլէ։

14

Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ իմ անձս կը մերժես, Ու քու երեսդ ինձմէ կը ծածկես։

15

Ես դժբախտ եմ, մանկութենէս ի վեր շունչս տալու մօտ եմ. Քու ահերդ կրեցի ու խռովեցայ։

16

Քու բորբոքումդ իմ վրայէս անցաւ, Եւ քու արհաւիրքներդ զիս բնաջնջեցին.

17

Ամէն օր ջուրի պէս զիս պաշարեցին, Միասին զիս շրջապատեցին։

18

Սիրելին ու բարեկամը ինձմէ հեռացուցիր. Իմ ճանչուորներս խաւարի մէջ են։



1 Եբր.՝ ճիչիս
2 Եբր.՝ կշտացաւ
3 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանին
4 Եբր.՝ հասաւ
5 Եբր.՝ զօրաւոր մարդու
6 Եբր.՝ ազատ արձակուած
7 Եբր.՝ խոցուածներու
8 Այսինքն՝ քեզմէ մերժուած
9 Եբր.՝ ստորին
10 Եբր.՝ դրուեցաւ
11 Եբր.՝ ապադոնին, այսինքն՝ կորուստին