Loading...

Psalm 89

Job  «  Psalm 88  ‹  Psalm 89  ›  Psalm 90  »  Proverbs


ԵՐԳ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԱՏԵՆ Եզրահացի Եթանի երգը։

1

Տէրոջ կարեկցութիւնները յաւիտեան պիտի երգեմ, Քու հաւատարմութիւնդ իմ բերանովս սերունդէ սերունդ պիտի գիտցնեմ.

2

Որովհետեւ ըսի. «Կարեկցութիւնը յաւիտենապէս պիտի կառուցանուի. Երկինքի՛ մէջ պիտի հաստատես քու հաւատարմութիւնդ»։

3

«Իմ ընտրեալիս հետ ուխտ կնքեցի, Իմ ծառայիս՝ Դաւիթի երդում ըրի.

4

“Քու զարմդ յաւիտենապէս պիտի հաստատեմ, Եւ քու գահդ սերունդէ սերունդ պիտի կառուցանեմ”»։ (Սելա։)

5

Երկինքն ալ կը ներբողէ քու սքանչելիքներդ, ո՛վ Տէր, Նաեւ քու հաւատարմութիւնդ՝ սուրբերուն համախմբումին մէջ.

6

Քանի որ երկինքի մէջ ո՞վ Տէրոջ կը բաղդատուի, Ու 1հզօրներու որդիներուն մէջ ո՞վ Տէրոջ կը նմանի։

7

Աստուած յոյժ զարհուրելի է սուրբերուն խորհրդաժողովին մէջ, Եւ ահեղ է բոլոր շուրջը եղողներուն մէջ։

8

Ո՛վ Տէր, զօրքերո՛ւ Աստուած, ո՞վ քեզի պէս հզօր Տէր է. Քու հաւատարմութիւնդ շուրջդ է։

9

Դո՛ւն կը 2տիրապետես ծովուն ամբարտաւանութեան վրայ. Երբ անոր ալիքները բարձրանան, դո՛ւն կը հանդարտեցնես զանոնք։

10

Դո՛ւն ճզմեցիր 3Ռահաբը՝ 4սպաննուածի պէս. Քու զօրեղ բազուկովդ ցրուեցիր թշնամիներդ։

11

Քո՛ւկդ է երկինքը, քո՛ւկդ է երկիրը. Դո՛ւն հիմնեցիր երկրագունդը եւ անոր լիութիւնը։

12

Հիւսիսն ու հարաւը դո՛ւն ստեղծեցիր. Թաբորն ու Հերմոնը քու անունովդ կը ցնծան։

13

Դուն զօրաւոր բազուկ ունիս. Քու ձեռքդ ուժեղ է, աջ ձեռքդ բարձրացած է։

14

Արդարութիւնն ու իրաւունքը քու գահիդ խարիսխն են, Կարեկցութիւնն ու ճշմարտութիւնը քու երեսիդ առջեւէն կ’երթան։

15

Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որ կը ճանչնայ ուրախութեան գոչիւնը. Անոնք քու երեսիդ լոյսով պիտի քալեն, ո՛վ Տէր։

16

Քու անունովդ ամէն օր պիտի խայտան, Եւ քու արդարութեամբդ պիտի բարձրանան։

17

Արդարեւ դո՛ւն ես անոնց զօրութեան պարծանքը, Քու բարեհաճութեամբդ պիտի բարձրանայ մեր եղջիւրը.

18

Որովհետեւ մեր վահանը 5Տէրն է, Ու մեր թագաւորը Իսրայէլի 6Սուրբն է։


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԴԱՒԻԹԻ

19

Այն ատեն տեսիլքով խօսեցար քու 7սուրբիդ հետ, Եւ ըսիր. «Օգնութիւն դրի զօրաւորին վրայ, Ժողովուրդէն ընտրուածը բարձրացուցի։

20

Իմ ծառաս՝ Դաւիթը գտայ, Իմ սուրբ իւղովս օծեցի զայն.

21

Իմ ձեռքս պիտի հաստատէ զայն, Եւ իմ բազուկս պիտի զօրացնէ զայն։

22

Թշնամին 8զայն պիտի չհարստահարէ՝՝, Անիրաւութեան որդին զայն պիտի չտառապեցնէ։

23

Անոր հակառակորդները իր առջեւ պիտի ջախջախեմ, Զայն ատողները պիտի հարուածեմ։

24

Իմ հաւատարմութիւնս ու կարեկցութիւնս անոր հետ պիտի ըլլան, Եւ անոր եղջիւրը իմ անունովս պիտի բարձրանայ։

25

Ծովը պիտի դնեմ անոր ձեռքին տակ, Ու գետերը՝ անոր աջ ձեռքին տակ։

26

Ան զիս պիտի կոչէ. “9Իմ Հա՛յրս, Իմ Աստուա՛ծս, եւ իմ փրկութեանս Վէ՛մը”։

27

Ես ալ զայն անդրանիկ պիտի ընեմ, Երկրի թագաւորներուն ամենէն բարձրը։

28

Իմ կարեկցութիւնս յաւիտեան պիտի պահեմ անոր հանդէպ, Եւ ուխտս հաստատ պիտի ըլլայ անոր հետ։

29

Անոր զարմը յաւերժ պիտի 10հաստատեմ, Ու անոր գահը երկինքի օրերուն չափ պիտի տեւէ։

30

Եթէ անոր որդիները իմ Օրէնքս լքեն Եւ կանոններովս չընթանան,

31

Եթէ իմ կանոններս դրժեն Ու պատուիրաններս չպահեն,

32

Ես ալ անոնց յանցանքը գաւազանով պիտի 11պատժեմ, Եւ անոնց անօրէնութիւնը՝ հարուածներով։

33

Բայց իմ կարեկցութիւնս անկէ պիտի չկտրեմ, Ու հաւատարմութիւնս պիտի չժխտեմ.

34

Իմ ուխտս պիտի չդրժեմ, Շրթունքէս ելածը պիտի չփոխեմ։

35

Մէ՛կ անգամ երդում ըրի իմ սրբութեամբս, Թէ պիտի չստեմ Դաւիթի։

36

Անոր զարմը յաւիտենական պիտի ըլլայ, Եւ իմ առջեւս անոր գահը՝ արեւին պէս.

37

Յաւիտեան պիտի հաստատուի՝ լուսինին պէս, Երկինքի մէջ հաւատարիմ վկայի պէս»։ (Սելա։)


ՈՂԲ՝ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

38

Բայց դուն մերժեցիր եւ անարգեցիր քու օծեալդ, Անոր դէմ սրդողեցար։

39

Քու ծառայիդ ուխտը ուրացար, Անոր 12թագը աղարտեցիր՝ գետին նետելով զայն։

40

Անոր բոլոր ցանկապատերը 13քանդեցիր, Անոր 14ամրոցները աւերակի վերածեցիր՝՝։

41

Բոլոր ճամբայէն անցնողները կողոպտեցին զայն, Նախատինք եղաւ իր դրացիներուն։

42

Անոր հակառակորդներուն աջ ձեռքը բարձրացուցիր, Անոր բոլոր թշնամիները ուրախացուցիր։

43

Նաեւ անոր սուրին բերանը իրեն դէմ 15դարձուցիր՝՝, Ու պատերազմի մէջ 16իրեն նեցուկ չեղար՝՝։

44

Անոր վայելչութիւնը դադրեցուցիր, Եւ իր գահը գետին նետեցիր.

45

Անոր երիտասարդութեան օրերը կարճեցուցիր, Զայն ամօթով ծածկեցիր։ (Սելա։)


ԱՂՕԹՔ՝ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

46

Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր. Ընդմիշտ պիտի պահուըտի՞ս, Եւ քու ցասումդ կրակի պէս պիտի վառի՞։

47

Յիշէ՛ իմ կեանքիս տեւողութիւնը. Միթէ ունայնութեա՞ն համար ստեղծեցիր մարդոց բոլոր որդիները։

48

Ո՞վ է այն 17մարդը՝ որ կ’ապրի ու մահ պիտի չտեսնէ, Եւ իր անձը 18դժոխքին ձեռքէն պիտի փրկէ։ (Սելա։)

49

Ո՛վ Տէր, ո՞ւր են քու նախկին կարեկցութիւններդ, Որոնք երդում ըրիր Դաւիթի՝ քու հաւատարմութեամբդ։

50

Ո՛վ Տէր, յիշէ՛ քու ծառաներուդ նախատինքը, Որ իմ ծոցիս մէջ կը կրեմ բոլոր մեծ ազգերէն.

51

Անո՛վ քու թշնամիներդ 19անարգեցին, ո՛վ Տէր, Անո՛վ անարգեցին քու օծեալիդ 20քայլերը։

52

Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը յաւիտեան։ Ամէն ու ամէն։



1 Կամ՝ Աստուծոյ
2 Եբր.՝ տիրես
3 Այսինքն՝ Եգիպտոսը
4 Եբր.՝ խոցուածի
5 Կամ՝ Տէրոջն
6 Կամ՝ Սուրբինն
7 Եբր.՝ բարեպաշտիդ
8 Եբր.՝ իրմէ վաշխ պիտի չառնէ
9 Եբր.՝ Դո՛ւն՝ իմ Հայրս
10 Եբր.՝ դնեմ
11 Եբր.՝ հատուցանեմ
12 Եբր.՝ պսակը
13 Եբր.՝ պատռեցիր
14 Եբր.՝ ամրոցներուն կործանում դրիր
15 Կամ՝ նահանջել տուիր
16 Եբր.՝ զինք չկանգնեցուցիր
17 Եբր.՝ զօրաւոր մարդը
18 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանին
19 Եբր.՝ նախատեցին
20 Եբր.՝ հետքերը