Loading...

Psalm 90

Job  «  Psalm 89  ‹  Psalm 90  ›  Psalm 91  »  Proverbs


ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ՄԱՐԴԸ Աստուծոյ մարդուն՝ Մովսէսի աղօթքը։

1

Ո՛վ Տէր, դուն մեզի 1պատսպարան եղար սերունդէ սերունդ։

2

Լեռներուն ծնելէն առաջ՝ Երկրին ու երկրագունդին 2ստեղծուելէն առաջ՝ 3Դարէ դար՝՝ դուն Աստուած ես։

3

Դուն մարդը 4փոշիի կը վերածես՝՝, Եւ կ’ըսես. «Վերադարձէ՛ք, մարդոց որդիներ»։

4

Արդարեւ հազար տարին քու առջեւդ երէկուան պէս է՝ որ անցաւ, Կամ գիշերուան պահու մը պէս։

5

5Կ’ընկղմես 6զանոնք, 7երազի պէս կ’ըլլան, Առտուն 8աճող խոտին պէս կ’ըլլան.

6

Առտուն կը բուսնի ու կ’աճի, Իրիկունը կը կտրուի եւ կը չորնայ։

7

Արդարեւ քու բարկութենէդ կը 9հիւծինք, Քու ցասումէդ կը շփոթինք։

8

Մեր անօրէնութիւնները քու առջեւդ դրիր, Ու մեր թաքուն մեղքերը՝ քու երեսիդ 10լոյսին մէջ։

9

Արդարեւ մեր բոլոր օրերը քու ցասումովդ կ’անցնին, Մեր տարիները 11ցնորքի մը պէս կ’աւարտին։

10

Մեր 12կեանքին տարիները եօթանասուն՝՝ են. Եթէ զօրութեամբ ութսուն ալ ըլլան, Տակաւին անոնց հպարտանքը տաժանք եւ ունայնութիւն է, Որովհետեւ 13անոնք շուտով կ’անցնին՝՝, ու մենք կը թռչինք։

11

Ո՞վ գիտէ քու բարկութեանդ զօրութիւնը Ու քու ցասումդ՝ վախիդ համեմատ։

12

Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, Որ սիրտի իմաստութիւն 14ստանանք։

13

Վերադարձի՛ր, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ. Արգահատէ՛ քու ծառաներուդ։

14

Առտուն կանուխ կշտացո՛ւր մեզ քու կարեկցութեամբդ, Որպէսզի ցնծանք եւ ուրախանանք մեր բոլոր օրերուն մէջ։

15

Ուրախացո՛ւր մեզ այն օրերուն չափով՝ որ տառապեցուցիր. Այն տարիներուն չափով՝ որ ձախորդութիւն տեսանք։

16

Քու գործդ թող երեւնայ քու ծառաներուդ, Եւ քու փառաւորութիւնդ՝ անոնց որդիներուն։

17

Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն 15վայելչութիւնը մեր վրայ թող ըլլայ։ Մեր ձեռքերուն գործը հաստատէ՛ մեր վրայ. Մեր ձեռքերուն գործը հաստատէ՛։



1 Եբր.՝ բնակավայր
2 Եբր.՝ երկնուելէն
3 Եբր.՝ Յաւիտենականութենէ յաւիտենականութիւն
4 Եբր.՝ ճզմուելու կը վերադարձնես
5 Կամ՝ Կ’ողողես
6 Այսինքն՝ այդ հազար տարիները
7 Եբր.՝ քունի
8 Եբր.՝ վերանորոգուող
9 Եբր.՝ սպառինք
10 Եբր.՝ լուսաւորութեան
11 Կամ՝ հառաչանքի
12 Եբր.՝ տարիներուն օրերը եօթանասուն տարի
13 Եբր.՝ ան շուտով կը կտրուի
14 Եբր.՝ մտցնենք
15 Եբր.՝ ախորժութիւնը