Loading...

Psalm 91

Job  «  Psalm 90  ‹  Psalm 91  ›  Psalm 92  »  Proverbs


ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ՄԵՐ ՊԱՇՏՊԱՆԸ

1

Ամենաբարձրին ծածկոյթին տակ բնակողը՝ Ամենակարողին հովանիին տակ պիտի 1հանգչի։

2

Տէրոջ համար պիտի ըսեմ. «Իմ ապաւէնս ու բերդս է, Իմ Աստուածս՝ որուն կը վստահիմ»։

3

Արդարեւ ա՛ն քեզ պիտի ազատէ թռչնորսին վարմէն, Աղետալի ժանտախտէն.

4

Իր փետուրներով քեզ պիտի ծածկէ, Եւ իր թեւերուն տակ պիտի 2ապաստանիս. Անոր ճշմարտութիւնը քու ասպարդ ու վահանդ պիտի ըլլայ։

5

Պիտի չվախնաս գիշերուան երկիւղէն, Ո՛չ ալ ցերեկը թռչող նետէն,

6

Մութին մէջ շրջող ժանտախտէն, Կամ կէսօրին բնաջնջող աւերումէն։

7

Եթէ հազար հոգի քու քովէդ իյնան, Ու տասը հազար՝ քու աջ կողմէդ, Հարուածը քեզի պիտի չմօտենայ.

8

Միայն աչքերովդ պիտի նայիս, Եւ ամբարիշտներուն հատուցումը տեսնես։

9

Քանի դուն Տէրը՝ իմ Ապաւէնս, Ամենաբարձրը՝ քեզի 3պատսպարան ըրիր,

10

Ո՛չ մէկ չարիք պիտի հասնի քեզի, Ո՛չ ալ հարուած մը պիտի մօտենայ վրանիդ։

11

Արդարեւ իր հրեշտակներուն պիտի պատուիրէ քու մասիդ, Որ բոլոր ճամբաներուդ մէջ պահպանեն քեզ.

12

Իրենց ձեռքերուն վրայ պիտի կրեն քեզ, Որ ոտքդ քարի մը չզարնես.

13

4Մռնչող առիւծի՝՝ եւ քարբի վրայ պիտի քալես, Առիւծի կորիւնն ու վիշապը պիտի կոխկռտես։

14

Քանի զիս կը հաւնի՝ Զինք պիտի ազատեմ. Զինք պիտի պաշտպանեմ, Որովհետեւ իմ անունս գիտցաւ։

15

Ինծի պիտի գոչէ, եւ իրեն պիտի պատասխանեմ. Իրեն հետ պիտի ըլլամ տագնապի մէջ. Զինք պիտի ազատեմ ու պատուեմ։

16

Երկար օրերով զինք պիտի կշտացնեմ, Եւ իմ փրկութիւնս իրեն ցոյց պիտի տամ։



1 Եբր.՝ գիշերէ
2 Եբր.՝ ապաւինիս
3 Եբր.՝ բնակավայր
4 Կամ՝ Վագրի