Loading...

Psalm 92

Job  «  Psalm 91  ‹  Psalm 92  ›  Psalm 93  »  Proverbs


ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ Սաղմոս. Շաբաթ օրուան համար երգ։

1

Բարի է շնորհակալ ըլլալ Տէրոջմէն, Ու սաղմոս ըսել քու անունիդ, ո՛վ Ամենաբարձր.

2

Առտուները քու կարեկցութիւնդ հռչակել, Եւ գիշերները՝ քու հաւատարմութիւնդ,

3

Տասը լար ունեցող նուագարանով ու տաւիղով, Եւ քնարի 1ձայնով։

4

Արդարեւ դուն, ո՛վ Տէր, քու արարքներովդ զիս ուրախացուցիր. Քու ձեռքերուդ գործերով պիտի ցնծամ։

5

Ո՛վ Տէր, ի՜նչ մեծ են քու գործերդ. Յոյժ խորունկ են քու մտածումներդ։

6

Անխելք մարդը ասիկա չի գիտեր, Եւ անմիտը չի հասկնար։

7

Թէեւ ամբարիշտները 2խոտի պէս 3բուսնին, Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողները 4ծաղկին, Յաւերժ պիտի բնաջնջուին.

8

Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան բարձր ես։

9

Արդարեւ ահա՛ քու թշնամիներդ, ո՛վ Տէր, Ահա՛ քու թշնամիներդ պիտի կորսուին, Բոլոր անօրէնութիւն գործողները պիտի ցրուին,

10

Բայց իմ եղջիւրս 5գոմէշի եղջիւրին պէս պիտի բարձրացնես. Ես 6թարմ իւղով պիտի օծուիմ։

11

Աչքերս 7ոսոխներուս կորուստը պիտի տեսնեն, Եւ ականջներս ինծի դէմ կանգնող չարագործներուն կրած պատիժը պիտի լսեն։

12

Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի, Լիբանանի մայրիի պէս պիտի մեծնայ։

13

Տէրոջ տան մէջ տնկուածները՝ Մեր Աստուծոյն գաւիթներուն մէջ պիտի ծաղկին.

14

Ալեւորութեան մէջ ալ պտուղ պիտի արտադրեն, Պարարտ ու կանաչ պիտի մնան,

15

Որպէսզի հռչակեն թէ Տէրը ուղիղ է. Ան իմ Վէմս է, եւ անիրաւութիւն չկայ անոր քով։



1 Եբր.՝ հիկկայոնով, այսինքն՝ մտածութեան երգով
2 Եբր.՝ բոյսի
3 Եբր.՝ ծաղկին
4 Եբր.՝ բուսնին
5 Կամ՝ միեղջերուի
6 Եբր.՝ կանաչ
7 Եբր.՝ դիտողներուս