Psalm 93
Job « Psalm 92 ‹ Psalm 93 › Psalm 94 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1Տէրը կը թագաւորէ, մեծափառութիւն հագած է. Տէրը զօրութեամբ ծածկուած ու գօտեւորուած է. Ուստի երկրագունդը հաստատուն է, չ’երերար։
2Քու գահդ վաղուց հաստատ է. Դուն յաւիտենական ես։
3Գետերը բարձրացուցին, ո՛վ Տէր, Գետերը բարձրացուցին իրենց ձայնը. Գետերը կը բարձրացնեն իրենց շառաչիւնը։
4Յորդառատ ջուրերու աղմուկէն ու ծովու 1զօրաւոր կոհակներէն Աւելի զօրաւոր է Տէրը՝ բարձր վայրին մէջ։
5Քու վկայութիւններդ յոյժ վստահելի են. Ո՛վ Տէր, սրբութիւնը քու տանդ կը վայլէ 2ընդմիշտ։