Loading...

Psalm 94

Job  «  Psalm 93  ‹  Psalm 94  ›  Psalm 95  »  Proverbs


ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԲՈԼՈՐԻՆ ԴԱՏԱՒՈՐԸ

1

Ո՛վ Տէր, 1վրէժխնդի՛ր Աստուած, Ո՛վ վրէժխնդիր Աստուած, 2յայտնուէ՛։

2

Բարձրացի՛ր, ո՛վ երկրի Դատաւոր. Փոխարէ՛ն հատուցանէ ամբարտաւաններուն։

3

Մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները, ո՛վ Տէր, Մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները պիտի հրճուին.

4

Մինչեւ ե՞րբ պիտի բարբանջեն, անպատկառութեամբ պիտի խօսին, Ու պիտի 3պարծենան՝ բոլոր անօրէնութիւն գործողները։

5

Ո՛վ Տէր, անոնք քու ժողովուրդդ կը ճզմեն, Եւ քու ժառանգութիւնդ կը տառապեցնեն.

6

Այրին ու գաղթականը կը սպաննեն, Որբերը կը մեռցնեն

7

Եւ կ’ըսեն. «Տէրը չի տեսներ, Յակոբի Աստուածը 4ուշադրութիւն չի դարձներ՝՝»։

8

Հասկցէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդին անխելքները. Ու դո՛ւք, ո՛վ անմիտներ, ե՞րբ ուշիմ պիտի ըլլաք։

9

Միթէ ականջը տնկողը չի՞ լսեր, Աչքը ձեւակերպողը չի՞ տեսներ։

10

Միթէ ազգերը խրատողը չի՞ յանդիմաներ. Միթէ մարդուն գիտութիւն սորվեցնողը չի՞ գիտեր։

11

Տէրը գիտէ մարդոց մտածումները, Որոնք ունայնութիւն են։

12

Երանի՜ այն 5մարդուն՝ որ դուն կը խրատես, ո՛վ Տէր, Եւ քու Օրէնքդ անոր կը սորվեցնես,

13

Որպէսզի ձախորդ օրերուն մէջ զինք հանդարտեցնես, Մինչեւ որ ամբարիշտին համար փոս փորուի։

14

Արդարեւ Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ, Եւ իր ժառանգութիւնը պիտի չլքէ.

15

Հապա դատաստանը 6արդարութեամբ պիտի կիրարկուի՝՝, Ու բոլոր սիրտով ուղիղները անոր պիտի հետեւին։

16

Ո՞վ 7դատս պիտի պաշտպանէ՝՝ չարագործներուն դէմ, Ո՞վ 8ինծի նեցուկ պիտի ըլլայ՝՝ անօրէնութիւն գործողներուն դէմ։

17

Եթէ Տէրը օգնականս չըլլար, Քիչ պիտի մնար որ անձս լռութեան տեղը բնակէր։

18

Երբ կ’ըսէի. «Իմ ոտքս կը սահի», Քու կարեկցութիւնդ, ո՛վ Տէր, զիս կը կազդուրէր.

19

Մինչ 9հոգերս կը շատնային իմ ներսս՝ Քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կը հաճոյացնէին։

20

Միթէ քեզի հետ ընկերակցա՞ծ է եղեռնագործութեան գահը, Որ 10կանոնին դէմ՝՝ անիրաւութիւն կը 11ծրագրէ։

21

Արդարին անձին դէմ կը խմբաւորուին, Եւ անմեղ արիւնը կը դատապարտեն։

22

Բայց Տէրը իմ միջնաբերդս է, Ու իմ Աստուածս՝ ապաւինութեանս վէմը։

23

Անոնց անօրէնութիւնը իրենց պիտի վերադարձնէ, Ու զանոնք իրենց չարութեամբ պիտի բնաջնջէ. Տէրը՝ մեր Աստուածը՝ զանոնք պիտի բնաջնջէ։



1 Եբր.՝ վրէժխնդրութեա՛ն
2 Եբր.՝ փայլէ՛
3 Եբր.՝ խօսին
4 Եբր.՝ չի նկատեր
5 Եբր.՝ զօրաւոր մարդուն
6 Եբր.՝ արդարութեան պիտի վերադառնայ
7 Եբր.՝ ինծի համար պիտի կանգնի
8 Եբր.՝ ինծի համար պիտի կայնի
9 Եբր.՝ գաղափարներս
10 Կամ՝ իր դրած կանոնով
11 Եբր.՝ ձեւակերպէ