Psalm 95
Job « Psalm 94 ‹ Psalm 95 › Psalm 96 » Proverbs
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ
1Եկէ՛ք ցնծանք Տէրոջ առջեւ, Ուրախութեա՛մբ գոչենք մեր փրկութեան Վէմին։
2Շնորհակալութեա՛մբ անոր 1առջեւ գանք, Սաղմոսներո՛վ գոչենք անոր։
3Արդարեւ Տէրը մեծ Աստուած է, Մեծ Թագաւոր է՝ բոլոր աստուածներէն գերազանց։
4Անոր ձեռքին մէջ են երկրի խորունկ տեղերը, Եւ անորն են լեռներուն 2գագաթները։
5Ի՛րն է ծովը, ի՛նք 3ստեղծեց զայն. Ի՛ր ձեռքերը ձեւակերպեցին ցամաքը։
6Եկէ՛ք, երկրպագե՛նք եւ ծռի՛նք, Ծնրադրե՛նք մեզ 4ստեղծող Տէրոջ առջեւ.
7Որովհետեւ ի՛նք է մեր Աստուածը, Ու մենք անոր արօտին ժողովուրդը եւ անոր ձեռքին առաջնորդած ոչխարներն ենք։ Այսօր, եթէ պիտի լսէք անոր ձայնը,
8Մի՛ խստացնէք ձեր սիրտերը՝ ինչպէս Մերիպայի մէջ, Փորձութեան օրուան պէս՝ անապատին մէջ,
9Ուր ձեր հայրերը փորձեցին զիս, Քննեցին զիս ու տեսան իմ գործերս։
10Քառասուն տարի զզուեցայ այս սերունդէն, Եւ ըսի. «Անոնք սիրտով մոլորած ժողովուրդ մըն են, Իմ ճամբաներս չգիտցան»։
11Ուստի իմ բարկութեանս մէջ երդում ըրի. «Անոնք իմ հանգստավայրս պիտի չմտնեն»։