Psalm 96
Job « Psalm 95 ‹ Psalm 96 › Psalm 97 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1Նո՛ր երգ երգեցէք Տէրոջ, Երգեցէ՛ք Տէրոջ, դուք բոլորդ՝ երկրի՛ բնակիչներ։
2Երգեցէ՛ք Տէրոջ, օրհնաբանեցէ՛ք անոր անունը, Աւետեցէ՛ք անոր փրկութիւնը օրէ օր։
3Պատմեցէ՛ք անոր փառքը 1հեթանոսներուն մէջ, Եւ անոր սքանչելիքները՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ,
4Քանի որ Տէրը մեծ է, ու յոյժ գովելի. Ան ահեղ է, եւ բոլոր աստուածներէն գերազանց,
5Որովհետեւ ժողովուրդներուն բոլոր աստուածները 2կուռքեր են, Բայց Եհովա՛ն 3ստեղծեց երկինքը։
6Փառաւորութիւն ու վայելչութիւն կան անոր առջեւ, Զօրութիւն եւ շքեղութիւն՝ անոր սրբարանին մէջ։
7Տէրո՛ջ տուէք, ո՛վ ժողովուրդներու գերդաստաններ, Տէրո՛ջ տուէք փառք ու զօրութիւն։
8Տէրո՛ջ տուէք իր անունին փառքը. Ընծա՛յ բերէք եւ մտէ՛ք անոր գաւիթները։
9Տէրո՛ջ երկրպագեցէք 4սուրբ զարդարանքով՝՝. Սարսափեցէ՛ք անոր առջեւ, դուք բոլորդ՝ երկրի՛ բնակիչներ։
10Հեթանոսներուն մէջ ըսէ՛ք. «Տէ՛րը կը թագաւորէ. Ուստի երկրագունդը հաստատուն է, չ’երերար։ Ան ուղղամտութեա՛մբ պիտի դատէ ժողովուրդները»։
11Երկինքը թող ուրախանայ, ու երկիրը խայտայ. Ծովը եւ զայն լեցնողները թող 5գոռան,
12Դաշտն ու բոլոր անոր մէջ եղողները թող հրճուին. Այն ատեն անտառին բոլոր ծառերը պիտի ցնծան
13Տէրոջ առջեւ, որովհետեւ կու գայ, Որովհետեւ կու գայ երկիրը դատելու. Ան պիտի դատէ երկրագունդը արդարութեամբ, Եւ ժողովուրդները՝ իր 6հաւատարմութեամբ։