Loading...

Psalm 97

Job  «  Psalm 96  ‹  Psalm 97  ›  Psalm 98  »  Proverbs


ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՇԽՈՂԸ

1

Տէրը կը թագաւորէ, երկիրը թող խայտայ. Շատ կղզիներ թող ուրախանան։

2

Անոր շուրջ ամպ եւ մառախուղ կան, Արդարութիւնն ու իրաւունքը անոր գահին խարիսխն են։

3

Անոր առջեւէն կրակ կ’երթայ Եւ անոր շրջակայ հակառակորդները կը բոցավառէ։

4

Անոր փայլակները երկրագունդը կը լուսաւորեն. Երկիրը կը տեսնէ ու կը սարսափի։

5

Լեռները մեղրամոմի պէս կը հալին Եհովայի ներկայութենէն, Ամբողջ երկրի Տէրոջ ներկայութենէն։

6

Երկինքը կը հռչակէ անոր արդարութիւնը, Եւ բոլոր ժողովուրդները կը տեսնեն անոր փառքը։

7

Թող ամչնան բոլոր անոնք՝ որ 1կուռքեր կը պաշտեն, Որ չաստուածներով կը պարծենան. Ո՛վ բոլոր 2աստուածներ, երկրպագեցէ՛ք անոր։

8

Սիոն լսեց եւ ուրախացաւ, Յուդայի 3աղջիկները խայտացին Քու դատավճիռներուդ պատճառով, ո՛վ Տէր։

9

Արդարեւ դո՛ւն, ո՛վ Տէր, Ամենաբարձր ես ամբողջ երկրի վրայ. Շատ բարձրացար՝ բոլոր աստուածները գերազանցելով։

10

Ո՛վ Տէրը սիրողներ, ատեցէ՛ք չարութիւնը։ Ան իր բարեպաշտներուն անձերը կը պահպանէ, Զանոնք կ’ազատէ ամբարիշտներուն ձեռքէն։

11

Արդարին համար լոյս 4ծագեցաւ, Ու սիրտով ուղիղներուն համար՝ ուրախութիւն։

12

Տէրոջմո՛վ ուրախացէք, ո՛վ արդարներ, Շնորհակա՛լ եղէք՝ անոր սրբութիւնը յիշելով։



1 Եբր.՝ քանդակուած պատկերներ
2 Կամ՝ հրեշտակներ
3 Կամ՝ գիւղերը
4 Եբր.՝ սերմանուեցաւ