Loading...

Psalm 98

Job  «  Psalm 97  ‹  Psalm 98  ›  Psalm 99  »  Proverbs


ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԻՇԽԱՆԸ Սաղմոս

1

Նո՛ր երգ երգեցէք Տէրոջ, Որովհետեւ սքանչելիքներ ըրաւ. Իր աջ ձեռքն ու սուրբ բազուկը 1Իրեն յաղթութիւն տուին՝՝։

2

Տէրը գիտցուց իր փրկութիւնը, Հեթանոսներուն առջեւ յայտնեց իր արդարութիւնը։

3

Յիշեց իր կարեկցութիւնն ու հաւատարմութիւնը Իսրայէլի տան հանդէպ. Երկրի բոլոր ծայրերը Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը տեսան։

4

Ուրախութեա՛մբ գոչեցէք Տէրոջ, դուք բոլորդ՝ երկրի՛ բնակիչներ. Ցնծութեա՛մբ պոռթկացէք եւ սաղմո՛ս ըսէք։

5

Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջ՝ քնարով, Քնարով ու նուագի ձայնով.

6

Փողերով եւ շեփորի ձայնով Գոչեցէ՛ք Տէրոջ՝ Թագաւորին առջեւ։

7

Թող 2գոռան ծովն ու զայն լեցնողները, Երկրագունդը եւ անոր բնակիչները։

8

Գետերը թող ծափ զարնեն, Ու լեռները միասին թող հրճուին

9

Տէրոջ առջեւ, որովհետեւ կու գայ երկիրը դատելու. Ան պիտի դատէ երկրագունդը արդարութեամբ, Եւ ժողովուրդները՝ ուղղամտութեամբ։



1 Եբր.՝ Զինք ազատեցին
2 Եբր.՝ որոտան