Psalm 99
Job « Psalm 98 ‹ Psalm 99 › Psalm 100 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1Տէրը կը թագաւորէ, ժողովուրդները թող սասանին. Ինք քերովբէներուն վրայ կը բազմի, երկիրը թող շարժի։
2Տէրը մեծ է Սիոնի մէջ, Ու բարձրացած է բոլոր ժողովուրդներէն վեր։
3Թող ներբողեն քու մեծ եւ ահաւոր անունդ. Ան սուրբ է։
41Թագաւորին զօրութիւնը՝ իրաւունքը սիրելն է՝՝. Ուղղամտութիւն հաստատեցիր, Իրաւունք եւ արդարութիւն կիրարկեցիր Յակոբի մէջ։
5Բարձրացուցէ՛ք Տէրը, մեր Աստուածը. Երկրպագեցէ՛ք անոր ոտքերուն պատուանդանին. Ան սուրբ է։
6Մովսէս եւ Ահարոն՝ անոր քահանաներուն մէջ, Ու Սամուէլ՝ անոր անունը կանչողներուն մէջ Տէրոջ կը գոչէին, Եւ ան կը պատասխանէր իրենց։
7Ամպի սիւնի մէջէն խօսեցաւ իրենց հետ. Իրենք ալ պահեցին անոր վկայութիւնները, Եւ այն կանոնը՝ որ իրենց տուաւ։
8Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը, դուն իրենց պատասխանեցիր. Իրենց ներող Աստուած եղար, Թէպէտ վրէժ կ’առնէիր իրենց արարքներէն։
9Բարձրացուցէ՛ք Տէրը, մեր Աստուածը, Ու երկրպագեցէ՛ք անոր սուրբ լերան վրայ. Որովհետեւ Տէրը, մեր Աստուածը, սուրբ է։