Psalm 100
Job « Psalm 99 ‹ Psalm 100 › Psalm 101 » Proverbs
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ Շնորհակալութեան սաղմոս։
1Ցնծութեա՛մբ գոչեցէք Տէրոջ, դուք բոլորդ՝ երկրի՛ բնակիչներ։
2Պաշտեցէ՛ք Տէրը ուրախութեամբ. Ներկայացէ՛ք անոր ցնծութեամբ։
3Գիտցէ՛ք թէ Եհովա՛ն է միակ Աստուածը. Ա՛ն 1ստեղծեց մեզ, եւ 2ո՛չ թէ մենք՝՝. Մենք անոր ժողովուրդն ու անոր արօտին ոչխարներն ենք։
4Մտէ՛ք անոր դռները շնորհակալութեամբ, Եւ անոր գաւիթները՝ գովաբանութեամբ. Շնորհակա՛լ եղէք անկէ, օրհնաբանեցէ՛ք անոր անունը.
5Որովհետեւ Տէրը բարի է, Անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է, Ու անոր հաւատարմութիւնը՝ սերունդէ սերունդ։