Loading...

Psalm 101

Job  «  Psalm 100  ‹  Psalm 101  ›  Psalm 102  »  Proverbs


ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՄԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ Դաւիթի սաղմոսը։

1

Կարեկցութիւնն ու իրաւունքը պիտի երգեմ. Ո՛վ Տէր, քեզի սաղմոս պիտի ըսեմ։

2

Ուշիմութեամբ պիտի վարուիմ անթերի ճամբային մէջ. Ե՞րբ ինծի պիտի գաս։ Իմ տանս մէջ սիրտիս պարկեշտութեամբ պիտի ընթանամ։

3

Աչքերուս առջեւ 1անօրէն բան պիտի չդնեմ. Մոլորածներուն վարմունքը կ’ատեմ, Ան ինծի թող չփակչի։

4

Ծուռ սիրտը թող հեռանայ ինձմէ. Չարը պիտի չճանչնամ։

5

Ան որ ծածկաբար կը բամբասէ իր ընկերին դէմ՝ պիտի բնաջնջեմ. Ան որ խրոխտ աչքեր եւ հպարտ սիրտ ունի՝ Անոր պիտի չհանդուրժեմ։

6

Իմ աչքերս երկրի հաւատարիմներուն վրայ պիտի ըլլան՝ Որպէսզի բնակին ինծի հետ. Պարկեշտութեան ճամբայէն ընթացո՛ղը Պաշտօն պիտի կատարէ ինծի։

7

Խաբէութեամբ վարուողը պիտի չբնակի իմ տանս մէջ. Սուտ խօսողը պիտի չհաստատուի աչքերուս առջեւ։

8

Առտուն կանուխ պիտի փճացնեմ երկրին բոլոր ամբարիշտները, Որպէսզի Տէրոջ քաղաքէն բնաջնջեմ բոլոր անօրէնութիւն գործողները։



1 Եբր.՝ Բելիարի