Psalm 102
Job « Psalm 101 ‹ Psalm 102 › Psalm 103 » Proverbs
ՉԱՐՉԱՐՈՒԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ Տառապեալին աղօթքը՝ երբ սիրտը կը թալկանայ եւ գանգատը Տէրոջ կը ներկայացնէ՝՝։
1Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս, Եւ աղաղակս թող հասնի քեզի։
2Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինձմէ՝ տագնապիս օրը, Դարձո՛ւր ինծի քու ականջդ. Շտապելո՛վ պատասխանէ ինծի այն օրը՝ երբ քեզի գոչեմ։
3Արդարեւ իմ օրերս մուխի պէս 1անհետացան Եւ ոսկորներս վառարանի պէս հրաբորբոք են։
4Սիրտս զարնուեցաւ ու բոյսի պէս չորցաւ, Այնպէս որ մոռցայ իմ հացս ուտել։
5Հառաչանքիս ձայնէն՝ Ոսկորներս մարմինիս փական։
6Անապատի հաւալուսնին նմանեցայ, Աւերակներու հաւպատիրին պէս եղայ։
7Անքուն մնացի, ու նման եղայ Տանիքին վրայ մինակ եղող ճնճղուկին։
8Ամէն օր թշնամիներս զիս կը նախատեն, Ինծի դէմ մոլեգնողները ինծի դէմ երդում կ’ընեն։
9Արդարեւ մոխիրը հացի պէս կերայ, Ու խմելիքս 2արցունքով խառնեցի՝
10Քու սրտմտութեանդ եւ զայրոյթիդ պատճառով, Որովհետեւ զիս բարձրացուցիր ու նետեցիր։
11Իմ օրերս երկարող ստուերի պէս եղան, Եւ բոյսի պէս չորցայ։
12Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան կը գահակալես. Քու յիշատակդ սերունդէ սերունդ կը մնայ։
13Դուն պիտի կանգնիս ու Սիոնի գթաս. Արդարեւ ժամանակն է անոր ողորմելու, Քանի որ սահմանուած ատենը հասաւ։
14Արդարեւ քու ծառաներդ անոր քարերուն կը հաճին, Եւ անոր հողին կ’ողորմին։
15Այն ատեն հեթանոսները պիտի վախնան Տէրոջ անունէն, Ու երկրի բոլոր թագաւորները՝ քու փառքէդ։
16Երբ Տէրը կառուցանէ Սիոնը, Իր փառքով պիտի երեւնայ։
17Զրկուածներուն աղօթքին 3ուշադրութիւն պիտի դարձնէ, Անոնց աղօթքը պիտի չարհամարհէ։
18Ասիկա պիտի գրուի յաջորդ սերունդին համար, Ու 4դեռ չծնած ժողովուրդը՝՝ Տէրը պիտի գովաբանէ։
19Արդարեւ իր սրբարանին բարձունքէն նայեցաւ, Տէրը երկինքէն դիտեց երկիրը,
20Որպէսզի բանտարկեալին հեծեծանքը լսէ, Եւ մահուան 5դատապարտուածները արձակէ.
21Որպէսզի Սիոնի մէջ Տէրոջ անունը հռչակեն, Ու Երուսաղէմի մէջ՝ անոր 6փառաւոր գործերը՝՝,
22Երբ ժողովուրդներն ու թագաւորութիւնները 7հաւաքուին՝ Տէրը պաշտելու համար։
23Ի՛նք ոյժս տկարացուց ճամբային մէջ, Եւ օրերս կարճեցուց։
24Ուստի ըսի. «Ո՛վ իմ Աստուածս, Զիս մի՛ վերցներ իմ օրերուս կէսին մէջ. Քու տարիներդ սերունդէ սերունդ են։
258Սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր, Ու երկինքը քու ձեռքերուդ գործն է։
26Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի 9մնաս. Անոնք բոլորը հագուստի պէս պիտի մաշին. Պատմուճանի պէս պիտի փոխես զանոնք, Եւ պիտի փոխուին։
27Բայց դուն միշտ նո՛յնն ես, Ու քու տարիներդ պիտի չվերջանան։
28Քու ծառաներուդ որդիները ապահով պիտի բնակին, Եւ անոնց զարմը պիտի հաստատուի քու առջեւդ»։