Loading...

Psalm 103

Job  «  Psalm 102  ‹  Psalm 103  ›  Psalm 104  »  Proverbs


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ


Դաւիթի սաղմոսը։

1

Ո՛վ իմ անձս, օրհնաբանէ՛ Տէրը, Եւ ամէն ինչ որ իմ ներսս է՝ անոր սուրբ անունը.

2

Ո՛վ իմ անձս, օրհնաբանէ՛ Տէրը, Ու մի՛ մոռնար անոր բոլոր երախտիքները։

3

Ի՛նք կը ներէ բոլոր անօրէնութիւններդ, Եւ կը բուժէ բոլոր հիւանդութիւններդ։

4

Ի՛նք կը փրկէ կեանքդ ապականութենէն, Ու կը 1պսակէ քեզ կարեկցութեամբ եւ գթութեամբ։

5

Ի՛նք կը կշտացնէ 2բերանդ բարիքներով, Եւ 3կ’երիտասարդացնէ քեզ՝՝ արծիւի պէս։

6

Տէրը արդարութիւն ու իրաւունք կը կիրարկէ Բոլոր հարստահարուածներուն.

7

Ան իր ճամբաները Մովսէսի ճանչցուց, Եւ իր արարքները՝ Իսրայէլի որդիներուն։

8

Գթած ու ողորմած է Տէրը, Համբերատար եւ մեծապէս կարեկից։

9

Ան ընդմիշտ 4դատ չի վարեր՝՝, Յաւիտեան զայրոյթ չի պահեր։

10

Ան մեր մեղքերուն համեմատ չվարուեցաւ մեզի հետ, Ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ չհատուցանեց մեզի։

11

Հապա ո՛րչափ երկինքը 5երկրէն բարձր է, Ա՛յնչափ իր կարեկցութիւնը 6մեծ է իրմէ վախցողներուն վրայ.

12

Ո՛րչափ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, Ա՛յնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։

13

Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, Նոյնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ.

14

Որովհետեւ ան գիտէ մեր 7կազմուածքը, Կը յիշէ թէ մենք 8հող ենք։

15

Մարդուն օրերը խոտի պէս են, Դաշտի ծաղիկի պէս կը 9ծաղկի.

16

Արդարեւ հովը անոր վրայէն կ’անցնի ու ան կը չքանայ, Եւ անոր տեղը ա՛լ չի ճանչնար զայն։

17

Բայց Տէրոջ կարեկցութիւնը 10դարէ դար՝՝ իրմէ վախցողներուն վրայ է, Եւ անոր արդարութիւնը՝ որդիներու որդիներուն վրայ.

18

Անոնց վրայ է՝ որ կը պահեն անոր ուխտը, Ու կը յիշեն անոր հրամանները եւ կը կատարեն։

19

Տէրը իր գահը երկինքի մէջ հաստատեց. Անոր թագաւորութիւնը բոլորին վրայ կը տիրէ։

20

Օրհնաբանեցէ՛ք Տէրը, դո՛ւք՝ անոր հրեշտակները, որ ոյժով զօրաւոր էք, Որ իր հրահանգները կը գործադրէք՝ անոր խօսքին ձայնը մտիկ ընելով։

21

Օրհնաբանեցէ՛ք Տէրը, դո՛ւք՝ անոր բոլոր զօրքերը, Անոր կամքը գործադրող 11պաշտօնեաները։

22

Օրհնաբանեցէ՛ք Տէրը, դո՛ւք՝ անոր բոլոր գործերը, Անոր տէրութեան բոլոր տեղերուն մէջ. Օրհնաբանէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։



1 Եբր.՝ թագադրէ
2 Ոմանք՝ ծերութիւնդ
3 Եբր.՝ երիտասարդութիւնդ կը վերանորոգուի
4 Կամ՝ չի վիճիր
5 Եբր.՝ երկրի վրայ
6 Եբր.՝ զօրաւոր
7 Եբր.՝ ձեւակերպումը, կամ՝ նպատակը
8 Կամ՝ փոշի
9 Եբր.՝ բուսնի
10 Եբր.՝ յաւիտենականութենէ յաւիտենականութիւն
11 Եբր.՝ սպասարկուները