Loading...

Psalm 104

Job  «  Psalm 103  ‹  Psalm 104  ›  Psalm 105  »  Proverbs


ԱՐԱՐԻՉԻՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

1

Ո՛վ իմ անձս, օրհնաբանէ՛ Տէրը։ Ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս, դուն չափազանց մեծ ես, Փառաւորութիւն ու վայելչութիւն հագած ես.

2

Լոյսով ծածկուած ես՝ իբր թէ հանդերձով, Երկինքը վարագոյրի պէս կը տարածես։

3

Ան ջուրերուն վրայ 1կը կերտէ՝՝ իր վերնատունները, Թանձր ամպերը իրեն կառք կ’ընէ, Հովին թեւերուն վրայ կը շրջի։

4

Իր հրեշտակները հոգիներ կ’ընէ, Եւ իր 2պաշտօնեաները՝ 3կրակի բոց՝՝։

5

Ի՛նք 4հաստատեց երկիրը իր 5հիմերուն վրայ, Որպէսզի 6դարէ դար՝՝ չերերայ։

6

Զայն անդունդով ծածկած էիր, իբր թէ հանդերձով. Ջուրերը լեռներուն վրայ կեցած էին։

7

Քու սաստէդ փախան, Քու որոտումիդ ձայնէն աճապարեցին.

8

7Լեռներէն բարձրացան ու հովիտներէն իջան՝՝ Այն տեղը՝ որ դուն 8որոշեցիր անոնց համար։

9

Սահման դրիր՝ որպէսզի անկէ չանցնին, Ու վերադառնալով երկիրը չծածկեն։

10

Աղբիւրներուն ջուրերը ձորերուն մէջ կը ղրկէ. Անոնք լեռներուն մէջէն կը հոսին

11

Եւ դաշտի բոլոր գազաններուն կը խմցնեն, Վայրենի էշերը իրենց ծարաւը 9կը յագեցնեն՝՝։

12

Երկինքի թռչունները անոնց քով կը բնակին, Ոստերուն մէջէն 10կը ճռուողեն՝՝։

13

Ան լեռները կը ջրէ իր վերնատուններէն. Երկիրը կը կշտանայ քու գործերուդ պտուղէն։

14

Ան խոտ կը բուսցնէ անասուններուն համար, Ու բոյս՝ մարդուն ծառայութեան համար, Որպէսզի հաց հանէ հողէն,

15

Նաեւ գինի՝ որ կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտը, Եւ 11իւղ՝ որ՝՝ կը փայլեցնէ անոր երեսը, Ու հաց՝ որ կը կազդուրէ մարդուն սիրտը։

16

Տէրոջ ծառերը 12ոռոգուած են, Լիբանանի մայրիները՝ որ ինք տնկեց.

17

Թռչնազգիները հոն կը շինեն իրենց բոյները, Եւ արագիլին տունը եղեւիններուն վրայ է։

18

Բարձր լեռները քարայծերուն ապաւէն են, Ու ժայռերը՝ ճագարներուն։

19

Եղանակներու համար լուսինը 13ստեղծեց. Արեւը իր մայրամուտի ատենը գիտէ։

20

Խաւարը կը դնես, ու գիշեր կ’ըլլայ, Որուն մէջ անտառին բոլոր գազանները կը շարժին։

21

Առիւծներուն կորիւնները կը մռնչեն որսի համար, Եւ Աստուծմէ իրենց կեր 14կ’ուզեն։

22

Երբ արեւը ծագի՝ կը 15հեռանան, Ու իրենց որջերուն մէջ կը պառկին.

23

Մարդն ալ 16կ’երթայ իր գործին Եւ իր ծառայութեան՝ մինչեւ իրիկուն։

24

Ո՛վ Տէր, ո՜րչափ շատ են քու գործերդ. Անոնք բոլորը իմաստութեամբ կատարեցիր, Երկիրը լեցուած է քու 17ստեղծածներովդ։

25

Ահա՛ւասիկ ծովը՝ մեծ ու լայն, Ուր կը շարժին անթիւ կենդանիներ, Պզտիկ թէ մեծ։

26

Հոն կ’երթեւեկեն նաւերը, Նաեւ 18կոկորդիլոսը՝ որ անոր մէջ զբօսնելու համար 19ստեղծեցիր։

27

Բոլորը քեզի՛ կը սպասեն, Որպէսզի իրենց կերը ատենին տաս։

28

Դուն անոնց կու տաս, եւ անոնք կը հաւաքեն. Ձեռքդ կը բանաս, ու բարիքներով կը կշտանան։

29

Երբ քու երեսդ ծածկես՝ կը շփոթին. Երբ անոնց շունչը 20առնես՝ 21կը մեռնին՝՝, Եւ իրենց հողը կը վերադառնան։

30

Երբ քու շունչդ ղրկես՝ անոնք կը ստեղծուին, Ու երկրագունդին մակերեսը կը վերանորոգես։

31

Տէրոջ փառքը յաւիտենական թող ըլլայ. Տէրը իր գործերուն վրայ թող ուրախանայ։

32

Երկրի վրայ կը նայի, եւ ան կը դողայ. Լեռներուն կը դպչի, ու անոնք կը մխան։

33

Տէրոջ պիտի երգեմ՝ որքան ատեն որ ապրիմ, Սաղմոս պիտի ըսեմ իմ Աստուծոյս՝ քանի ողջ եմ։

34

Իմ խոկումս թող հաճելի ըլլայ իրեն. Ես Տէրոջմով պիտի ուրախանամ։

35

Մեղաւորները երկրէն թող 22անհետանան, Եւ ամբարիշտները չքանան։ Ո՛վ իմ անձս, օրհնաբանէ՛ Տէրը։ 23Ալէլուիա՜։



1 Եբր.՝ գերաններով կը միացնէ
2 Եբր.՝ սպասարկուները
3 Եբր.՝ բոցավառ կրակ
4 Եբր.՝ հիմնեց
5 Եբր.՝ խարիսխներուն
6 Եբր.՝ յաւիտենականութենէ յաւիտենականութիւն
7 Եբր.՝ Լեռներուն վրայ բարձրացան ու հովիտներուն մէջ իջան
8 Եբր.՝ հիմնեցիր
9 Եբր.՝ կը կոտրեն
10 Եբր.՝ ձայն կու տան
11 Եբր.՝ իւղէն աւելի
12 Եբր.՝ կուշտ
13 Եբր.՝ ըրաւ
14 Եբր.՝ կը փնտռեն
15 Եբր.՝ հաւաքուին
16 Եբր.՝ դուրս կ’ելլէ
17 Եբր.՝ իրերովդ, կամ՝ ինչքովդ
18 Եբր.՝ լեւիաթանը
19 Եբր.՝ ձեւակերպեցիր
20 Եբր.՝ հաւաքես
21 Եբր.՝ շունչ կու տան
22 Եբր.՝ սպառին
23 Այսինքն՝ Գովաբանեցէ՛ք Տէրը՝ Եահը