Loading...

Psalm 105

Job  «  Psalm 104  ‹  Psalm 105  ›  Psalm 106  »  Proverbs


ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

1

Շնորհակա՛լ եղէք Տէրոջմէն, կանչեցէ՛ք անոր անունը, Գիտցուցէ՛ք անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ։

2

Երգեցէ՛ք անոր, սաղմո՛ս ըսէք անոր, Խօսեցէ՛ք անոր բոլոր սքանչելիքներուն մասին։

3

Պարծեցէ՛ք անոր սուրբ անունով. Տէրը փնտռողներուն սիրտը թող ուրախանայ։

4

Փնտռեցէ՛ք Տէրը եւ անոր զօրութիւնը, Խնդրեցէ՛ք անոր երեսը շարունակ.

5

Յիշեցէ՛ք անոր ըրած սքանչելիքները, Անոր հրաշքներն ու բերանին դատավճիռները,

6

Ո՛վ անոր ծառային՝ Աբրահամի զարմը, Ո՛վ Յակոբի որդիներ, անոր ընտրեալները։

7

Եհովան՝ ի՛նքն է մեր Աստուածը. Անոր դատավճիռները ամբողջ երկրի մէջ են։

8

Ան յաւիտեան կը յիշէ իր ուխտը, Իր պատուիրած 1խօսքը՝ մինչեւ հազար սերունդ.

9

Այն ուխտը՝ որ Աբրահամի հետ կնքեց, Եւ իր երդումը՝ որ Իսահակի ըրաւ.

10

Յակոբի ալ հաստատեց զայն՝ իբր կանոն, Ու Իսրայէլի՝ իբր յաւիտենական ուխտ մը,

11

Ըսելով. «Քեզի պիտի տամ Քանանի երկիրը, Ձեր ժառանգութեան վիճակը»,

12

Երբ անոնք սակաւաթիւ 2մարդիկ էին, Փոքրաթիւ եւ պանդուխտ՝ անոր մէջ։

13

Երբ մէկ ազգէն ուրիշ ազգի կ’երթային, Մէկ թագաւորութենէն՝ ուրիշ ժողովուրդի,

14

Ան ո՛չ մէկուն արտօնեց որ զանոնք հարստահարէ. Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար՝ ըսելով.

15

«Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք Եւ իմ մարգարէներուս չարիք մի՛ ընէք»։

16

Սով 3բերաւ երկրի վրայ. 4Հացին ամբողջ գաւազանը կոտրեց՝՝։

17

Անոնց առջեւէն մարդ մը ղրկեց, Յովսէփը՝ որ իբր ստրուկ ծախուեցաւ։

18

Անոր ոտքերը կապանքով տառապեցուցին. Անոր անձը երկաթի մէջ դրուեցաւ

19

Մինչեւ այն ժամանակը՝ երբ անոր հաղորդածը 5իրագործուեցաւ. Տէրոջ խօսքը 6փորձարկեց զայն։

20

Թագաւորը ղրկեց եւ արձակեց զայն. Ժողովուրդներուն ղեկավարը 7ազատեց զայն։

21

Իր տան վրայ տէր նշանակեց զայն, Ու իր ամբողջ ինչքին վրայ՝ կառավարիչ,

22

Որպէսզի անոր իշխանաւորները իր անձին կապէ, Եւ անոր երէցները իմաստուն ընէ։

23

Իսրայէլ Եգիպտոս եկաւ, Յակոբ պանդխտացաւ Քամի երկրին մէջ։

24

Տէրը իր ժողովուրդը չափազանց աճեցուց, Ու զայն իր թշնամիներէն աւելի հզօր ըրաւ։

25

Անոնց սիրտը 8փոխեց, որպէսզի իր ժողովուրդը ատեն, Եւ իր ծառաներուն հետ նենգութեամբ վարուին։

26

Իր ծառան՝ Մովսէսը ղրկեց, Ու իր ընտրած Ահարոնը,

27

Որոնք անոնց մէջ իր նշանները ըրին, Եւ հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ։

28

Խաւար ղրկեց ու խաւարեցուց, Եւ անոր խօսքին դէմ չընդվզեցան։

29

Անոնց ջուրերը արիւնի վերածեց, Ու անոնց ձուկերը մեռցուց։

30

Անոնց երկիրը 9առատութեամբ գորտեր արտադրեց՝՝, Մինչեւ անոնց թագաւորներուն ներքին սենեակներուն մէջ։

31

Հրամայեց, եւ շանաճանճերն ու մուները Անոնց ամբողջ հողամասին մէջ եկան։

32

Տեղատարափի տեղ կարկուտ տուաւ անոնց, Եւ կրակի բոցեր՝ անոնց երկրին մէջ։

33

Անոնց որթատունկերն ու թզենիները զարկաւ, Եւ անոնց հողամասին ծառերը կոտրտեց։

34

Հրամայեց, ու մարախները եկան, Նաեւ ջորեակները՝ առանց համրանքի,

35

Եւ կերան անոնց երկրին բոլոր բոյսերը, Լափեցին անոնց գետինին պտուղը։

36

Անոնց երկրին բոլոր անդրանիկները զարկաւ, Անոնց ամբողջ կորովին սկիզբը։

37

Երբ 10զիրենք ոսկիով ու արծաթով դուրս հանեց, Իրենց տոհմերուն մէջ ո՛չ մէկը 11տկար էր՝՝։

38

Եգիպտոս ուրախացաւ անոնց դուրս ելլելուն համար, Որովհետեւ անոնց երկիւղը իրենց վրայ ինկած էր։

39

Ցերեկը ամպը տարածեց՝ իբր 12հովանի, Ու գիշերը՝ կրակը, լուսաւորելու համար։

40

Խնդրեցին, եւ լորամարգիներ բերաւ, Ու երկինքի հացով կշտացուց զանոնք։

41

Վէմը 13ճեղքեց եւ ջուրերը 14բխեցան, Գետի պէս 15հոսեցան տափաստաններուն մէջէն։

42

Արդարեւ իր սուրբ խոստումը յիշեց, Որ իր ծառային՝ Աբրահամի ըրեր էր։

43

Ժողովուրդը բերկրանքով դուրս հանեց, Ու իր ընտրեալները՝ ցնծութեամբ։

44

Հեթանոսներուն երկիրները անոնց տուաւ, Եւ անոնք 16ժողովուրդներու աշխատանքին տիրացան,

45

Որպէսզի անոր կանոնները պահեն, Ու անոր օրէնքներուն ուշադիր ըլլան։ Ալէլուիա՜։



1 Կամ՝ խոստումը
2 Եբր.՝ այր մարդիկ
3 Եբր.՝ կանչեց
4 Այսինքն՝ Ամէն ուտելիք պակսեցուց
5 Եբր.՝ եկաւ
6 Եբր.՝ զտեց
7 Եբր.՝ արձակեց, կամ՝ քակեց
8 Կամ՝ փոխուեցաւ
9 Եբր.՝ գորտեր վխտացուց
10 Այսինքն՝ Իսրայելացիները
11 Եբր.՝ գայթեցաւ
12 Եբր.՝ ծածկոց
13 Եբր.՝ բացաւ
14 Եբր.՝ հոսեցան
15 Եբր.՝ գացին
16 Եբր.՝ բնակչութիւններու