Psalm 106
Job « Psalm 105 ‹ Psalm 106 › Psalm 107 » Proverbs
ՏԷՐՈՋ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՆԴԷՊ
1Ալէլուիա՜։ Շնորհակա՛լ եղէք Տէրոջմէն, որովհետեւ բարի է, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։
2Ո՞վ պիտի պատմէ Տէրոջ քաջագործութիւնները. Ո՞վ պիտի իմացնէ անոր ամբողջ գովաբանութիւնը։
3Երանի՜ անոնց՝ որ իրաւունքը կը պահեն, Եւ ամէն ժամանակ արդարութիւնը կը կիրարկեն։
4Յիշէ՛ զիս, ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդիդ վրայ ունեցած բարեհաճութեանդ համեմատ, Այցելէ՛ ինծի քու փրկութեամբդ,
5Որպէսզի քու ընտրեալներուդ բարօրութիւնը տեսնեմ, Քու ազգիդ ուրախութեամբ ուրախանամ, Քու ժառանգութեամբդ պարծենամ։
6Մենք մեր հայրերուն հետ մեղանչեցինք. Անօրէնութիւն գործեցինք, ամբարշտութեամբ վարուեցանք։
7Մեր հայրերը Եգիպտոսի մէջ չհասկցան քու սքանչելիքներդ, Չյիշեցին քու կարեկցութեանդ շատութիւնը, Հապա ընդվզեցան ծովուն քով, Կարմիր ծովուն քով։
8Բայց զանոնք փրկեց իր անունին համար, Որպէսզի իր մեծ զօրութիւնը գիտցնէ։
9Կարմիր ծովը սաստեց՝ ու ցամքեցաւ, Եւ անդունդներուն մէջէն քալել տուաւ անոնց, իբր թէ անապատի մէջէն.
10Ազատեց զանոնք 1ոսոխին ձեռքէն, Փրկեց զանոնք թշնամիին ձեռքէն։
11Ջուրերը ծածկեցին անոնց թշնամիները. Անոնցմէ ո՛չ մէկը մնաց։
12Այն ատեն հաւատացին անոր խօսքին Եւ գովաբանութիւն երգեցին անոր։
13Շուտով մոռցան անոր գործերը, Ու չսպասեցին անոր ծրագիրին իրագործումին։
142Յոյժ ցանկացին՝՝ անապատին մէջ, Աստուած փորձեցին ամայութեան մէջ.
15Ինք ալ անոնց տուաւ իրենց խնդրածը, Բայց ուժաթափութիւն ղրկեց անոնց անձերուն։
16Երբ Մովսէսի նախանձեցան բանակավայրին մէջ, Եւ Տէրոջ սուրբին՝ Ահարոնի.
17Երկիրը բացուեցաւ ու կլլեց Դաթանը, Եւ ծածկեց Աբիրոնի խումբը։
18Կրակը վառեցաւ անոնց խումբին մէջ, Բոցը բռնկեցուց ամբարիշտները։
19Հորթ շինեցին Քորեբի մէջ, Ու երկրպագեցին ձուլածոյ պատկերին։
20Փոխանակեցին իրենց Փառքը 3Խոտակեր եզի կերպարին հետ։
21Մոռցան իրենց Փրկիչը՝ Աստուած, Որ մեծագործութիւններ կատարեց Եգիպտոսի մէջ,
22Սքանչելիքներ՝ Քամի երկրին մէջ, Եւ ահաւոր արարքներ՝ Կարմիր ծովուն մէջ։
23Ուստի ըսաւ թէ զանոնք պիտի բնաջնջէ, Բայց անոր ընտրեալը՝ Մովսէս, Խրամատին մէջ կայնեցաւ անոր առջեւ, Անոր ցասումը կասեցնելու համար, որպէսզի չկոտորէ։
24Նաեւ այն ցանկալի երկիրը անարգեցին, Եւ անոր խօսքին չհաւատացին.
25Իրենց վրաններուն մէջ տրտնջեցին, Տէրոջ ձայնին չհնազանդեցան։
26Ուստի անոնց համար 4երդում ըրաւ՝՝ Որ զանոնք անապատին մէջ տապալէ,
27Ու անոնց զարմը ազգերուն մէջ տապալէ՝ Զանոնք բոլոր երկիրներուն մէջ ցրուելով։
28Յետոյ Բահաղ-Փէովրի յարեցան, Մեռելներուն զոհերը կերան,
29Եւ իրենց գործերով Տէրը գրգռեցին. Ուստի անոնց վրայ պատուհաս 5հասաւ։
30Այն ատեն Փենեհէս կայնեցաւ եւ իրաւարար եղաւ, Ու պատուհասը դադրեցաւ.
31Ասիկա անոր արդարութիւն սեպուեցաւ՝ Սերունդէ սերունդ, յաւիտենապէս։
32Նաեւ զայրացուցին Տէրը Մերիպայի ջուրերուն քով, Եւ իրենց պատճառով Մովսէս դժբախտացաւ.
33Արդարեւ դառնացուցին անոր հոգին, Ան ալ իր շրթունքով անխոհեմաբար խօսեցաւ։
34Չբնաջնջեցին ժողովուրդները՝ Ինչպէս Տէրը հրամայեր էր անոնց,
35Հապա հեթանոսներուն հետ խառնուեցան. Անոնց արարքները սորվեցան
36Անոնց կուռքերը պաշտեցին, Եւ անոնք իրենց որոգայթ եղան։
37Իրենց որդիներն ու աղջիկները Դեւերուն զոհեցին.
38Անմեղ արիւն թափեցին, Իրենց որդիներուն եւ աղջիկներուն արիւնը, Որոնք զոհեցին Քանանի կուռքերուն. Երկիրը պղծուեցաւ արիւնով։
39Իրենց արարքներով 6ապականեցան, Եւ իրենց ըրածներով պոռնկեցան։
40Ուստի Տէրոջ բարկութիւնը բորբոքեցաւ իր ժողովուրդին դէմ, Ու գարշեցաւ իր ժառանգութենէն.
41Զանոնք հեթանոսներուն ձեռքը մատնեց, Եւ 7անոնց ոսոխները՝՝ իրենց վրայ տիրեցին։
42Իրենց թշնամիները տանջեցին զիրենք, Եւ անոնց ձեռքին տակ ընկճուեցան։
43Շատ անգամ ազատեց զիրենք, Բայց ընդվզեցան իրենց խորհուրդներով, Ու նուաստացան իրենց անօրէնութիւններուն համար։
44Սակայն ինք նայեցաւ անոնց տագնապին՝ Երբ անոնց 8պաղատանքը լսեց,
45Եւ անոնց համար իր ուխտը յիշեց. Իր մեծ կարեկցութեան համեմատ արգահատեցաւ,
46Ու անոնց բոլոր գերեվարներուն առջեւ Գթութիւն գտնել տուաւ անոնց։
47Փրկէ՛ մեզ, ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը. Հաւաքէ՛ մեզ հեթանոսներուն մէջէն, Որպէսզի քու սուրբ անունդ ներբողենք, Ու քու գովաբանութեամբդ պարծենանք։
48Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը, 9Դարէ դար՝՝։ Ամբողջ ժողովուրդը թող ըսէ. «Ամէն»։ Ալէլուիա՜։