Loading...

Psalm 107

Job  «  Psalm 106  ‹  Psalm 107  ›  Psalm 108  »  Proverbs


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

1

Շնորհակա՛լ եղէք Տէրոջմէն, որովհետեւ բարի է, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։

2

Այսպէս թող ըսեն Տէրոջ փրկածները, Որոնք փրկեց թշնամիին ձեռքէն,

3

Ու հաւաքեց զանոնք երկիրներէն, Արեւելքէն, արեւմուտքէն, հիւսիսէն եւ 1ծովէն։

4

Անոնք դեգերեցան անապատին մէջ, ամայի ճամբայի մը մէջ. Քաղաք չգտան՝ բնակելու համար։

5

Անօթի ու ծարաւ ըլլալով՝ Իրենց անձը կը թալկանար իրենց ներսը։

6

Տէրոջ աղաղակեցին իրենց տագնապին մէջ, Եւ ան ազատեց զանոնք իրենց տուայտանքներէն.

7

Զիրենք ուղիղ ճամբային մէջ առաջնորդեց, Որպէսզի բնակութեան քաղաք մը հասնին։

8

Թող շնորհակալ ըլլան Տէրոջմէն՝ իր կարեկցութեան համար, Ու մարդոց որդիներուն ըրած իր սքանչելիքներուն համար.

9

Որովհետեւ ան պապակած անձը կը 2յագեցնէ, Եւ անօթեցած անձը բարիքներով կը լեցնէ։

10

Անոնք խաւարի ու մահուան շուքի մէջ կը բնակէին, Տառապանքով ու երկաթով կապուած էին.

11

Քանի որ Աստուծոյ խօսքերուն դէմ ընդվզեցան, Եւ Ամենաբարձրին ծրագիրը անարգեցին։

12

Ուստի ինք ալ տաժանքով խոնարհեցուց անոնց սիրտը. Ինկան, եւ օգնական մը չկար։

13

Այն ատեն Տէրոջ աղաղակեցին իրենց տագնապին մէջ, Ու զանոնք փրկեց իրենց տուայտանքներէն։

14

Զանոնք խաւարէն ու մահուան շուքէն հանեց, Եւ անոնց կապանքները փրցուց։

15

Թող շնորհակալ ըլլան Տէրոջմէն՝ իր կարեկցութեան համար, Ու մարդոց որդիներուն ըրած իր սքանչելիքներուն համար.

16

Որովհետեւ պղինձէ դռները կոտրեց, Ու երկաթէ նիգերը կոտրտեց։

17

Յիմարները իրենց 3չար ճամբային՝՝ համար Եւ իրենց անօրէնութիւններուն համար կը տառապին։

18

Անոնց անձը ամէն կերակուրէ կը գարշի, Ու մինչեւ մահուան դռներուն կը 4մօտենան։

19

Տէրոջ կ’աղաղակեն իրենց տագնապին մէջ, Եւ զանոնք կը փրկէ իրենց տուայտանքներէն։

20

Իր խօսքը կը ղրկէ ու զանոնք կը բուժէ, Եւ կ’ազատէ իրենց 5փոսերէն։

21

Թող շնորհակալ ըլլան Տէրոջմէն՝ իր կարեկցութեան համար, Ու մարդոց որդիներուն ըրած իր սքանչելիքներուն համար.

22

Շնորհակալութեան զոհ թող մատուցանեն, Եւ անոր գործերը ցնծութեամբ պատմեն։

23

Նաւերով 6ծովուն վրայ ճամբորդողները՝՝ Ու յորդառատ ջուրերու մէջ գործ կատարողները՝

24

Իրե՛նք կը տեսնեն Տէրոջ գործերը, Եւ անոր սքանչելիքները՝ խորխորատին մէջ։

25

Արդարեւ ինք կը հրամայէ՝ ու մրրկալից հովը 7կը փչէ՝՝, 8Եւ ծովուն՝՝ ալիքները կը բարձրացնէ։

26

Երկինք կ’ելլեն, անդունդը կ’իջնեն, Եւ անոնց անձերը 9տագնապէն կը հալին.

27

Գինովի պէս կը տարուբերին ու կը դանդաչեն, Եւ անոնց ամբողջ իմաստութիւնը 10կ’ոչնչանայ՝՝։

28

Այն ատեն Տէրոջ կ’աղաղակեն իրենց տագնապին մէջ, Ու զանոնք կը փրկէ իրենց տուայտանքներէն.

29

Մրրիկը կը լռեցնէ, Եւ ալիքները կը հանդարտին։

30

Իրենք ալ կ’ուրախանան որ հանդարտած են, Ու զանոնք կ’առաջնորդէ իրենց փափաքած նաւահանգիստը։

31

Թող շնորհակալ ըլլան Տէրոջմէն՝ իր կարեկցութեան համար, Ու մարդոց որդիներուն ըրած իր սքանչելիքներուն համար.

32

Զինք թող բարձրացնեն ժողովուրդին համախմբումին մէջ, Զինք թող գովաբանեն երէցներուն 11ատեանին մէջ։

33

Գետերը անապատներու կը 12վերածէ, Ու ջուրի ակերը՝ ծարաւուտ երկրի.

34

Նաեւ պտղաբեր երկիրը՝ աղահանքի, Անոր բնակիչներուն չարութեան պատճառով։

35

Անապատը ջուրի լիճի կը վերածէ, Եւ անջրդի հողը՝ ջուրի ակերու.

36

Անօթիները հոն կը բնակեցնէ, Որ բնակութեան քաղաք հաստատեն,

37

Արտեր հերկեն ու սերմանեն, եւ այգիներ տնկեն՝ Որպէսզի բերք եւ պտուղ տան։

38

Զանոնք կ’օրհնէ, ու անոնք չափազանց կը բազմանան. Անոնց անասունները չի պակսեցներ։

39

Յետոյ կը նուազին եւ նկուն կ’ըլլան՝ Կաշկանդումէն, ձախորդութենէն ու տրտմութենէն։

40

Արհամարհանք կը թափէ ազնուականներուն վրայ, Եւ անոնց դեգերիլ կու տայ ամայութեան մէջ, ուր ճամբայ չկայ։

41

Բայց աղքատը տառապանքէն կը պաշտպանէ, Ու գերդաստանները ոչխարներու հօտի պէս 13կը բազմացնէ՝՝։

42

Ուղիղները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան Բայց ամէն անիրաւութիւն իր բերանը պիտի գոցէ։

43

Ո՞վ իմաստուն է՝ որ այս բաներուն ուշադիր ըլլայ. Ա՛ն պիտի հասկնայ Տէրոջ կարեկցութիւնները։



1 Կամ՝ հարաւէն
2 Եբր.՝ կշտացնէ
3 Եբր.՝ յանցանքին
4 Եբր.՝ հասնին
5 Եբր.՝ ապականութիւններէն
6 Եբր.՝ ծովը իջնողները
7 Եբր.՝ ոտքի կը հանէ
8 Եբր.՝ Որ անոր
9 Եբր.՝ ձախորդութենէն
10 Եբր.՝ կը կլլուի
11 Եբր.՝ նիստին
12 Եբր.՝ ընէ
13 Եբր.՝ կ’ընէ