Psalm 108
Job « Psalm 107 ‹ Psalm 108 › Psalm 109 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Երգ. Դաւիթի սաղմոսը։
1Իմ սիրտս 1տրամադիր է, ո՛վ Աստուած. Պիտի երգեմ եւ սաղմոս ըսեմ իմ 2փառքովս։
2Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար. Ես արշալոյսին պիտի արթննամ։
3Ո՛վ Տէր, քեզ պիտի ներբողեմ ժողովուրդներուն մէջ, Քեզի սաղմոս պիտի երգեմ 3ազգերուն մէջ.
4Որովհետեւ քու կարեկցութիւնդ մեծ է, ու երկինքէն բարձր, Եւ քու ճշմարտութիւնդ մինչեւ նօսր ամպերը կը հասնի։
5Ո՛վ Աստուած, բարձրացի՛ր երկինքէն վեր, Ու քու փառքդ ամբողջ երկրի վրայ թող ըլլայ։
6Որպէսզի քու սիրելիներդ ազատին՝ Փրկէ՛ աջ ձեռքովդ, ու պատասխանէ՛ ինծի։
7Աստուած 4իր սրբութեամբ՝՝ խօսեցաւ. «Ես պիտի հրճուիմ՝ Սիւքէմը բաժնելով, Ու Սոկքովթի հովիտը չափելով։
8Գաղաադ իմս է, Մանասէ իմս է, Եփրեմ գլուխիս 5զօրութիւնն է. Յուդա իմ օրէնսդիրս է։
9Մովաբ իմ լուացուելու կոնքս է. Եդովմի վրայ պիտի ձգեմ իմ կօշիկս. 6Փղշտացիներուն դէմ պիտի գոչեմ»։
10Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը. Ո՞վ պիտի առաջնորդէ զիս մինչեւ Եդովմ։
11Միթէ դուն չե՞ս, ո՛վ Աստուած, որ մեզ մերժեցիր, Ու մեր զօրքերուն հետ 7չգացիր, ո՛վ Աստուած
12Օգնութի՛ւն տուր մեզի՝ տագնապի մէջէն ելլելու, Որովհետեւ ընդունայն է մարդուն 8օգնութիւնը։
13Աստուծմո՛վ ոյժ պիտի բանեցնենք. Ա՛ն պիտի կոխկռտէ մեր թշնամիները։