Psalm 109
Job « Psalm 108 ‹ Psalm 109 › Psalm 110 » Proverbs
ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ՏՐՏՈՒՆՋԸ՝ ՏԱՌԱՊԱՆՔԻ ՄԷՋ Գլխաւոր երաժիշտին. Դաւիթի սաղմոսը։
11Ո՛վ իմ գովաբանութեանս Աստուածը, լուռ մի՛ կենար.
2Որովհետեւ ամբարիշտին բերանը Ու խաբեբային բերանը բացուեցան ինծի դէմ, Ստախօս լեզուով խօսեցան ինծի դէմ։
3Ատելութեան խօսքերով զիս շրջապատեցին, Եւ ինծի դէմ առանց 2պատճառի պայքարեցան։
4Իմ սիրոյս փոխարէն ինծի ընդդիմացան, Բայց ես աղօթքի նուիրուեցայ.
5Նաեւ իմ բարիքիս փոխարէն չարիք 3հատուցանեցին, Ու սիրոյս փոխարէն՝ ատելութիւն։
6Ամբարի՛շտ վերատեսուչ մը նշանակէ անոր վրայ, Եւ 4Սատանա՛ն թող կայնի անոր աջ կողմը։
7Երբ դատուի՝ թող յանցաւոր 5հռչակուի, Ու անոր աղօթքը մեղք սեպուի։
8Անոր օրերը թող փոքրաթի՛ւ ըլլան, Եւ անոր 6պաշտօնը ուրի՛շը առնէ։
9Անոր որդիները թող որբ ըլլան, Ու անոր կինը՝ այրի։
10Անոր որդիները թող աստանդական ըլլան ու մուրան, Եւ իրենց աւերակներէն ելլելով հաց փնտռեն։
11Վաշխառուն թող 7գրաւէ անոր ամբողջ ունեցածը, Եւ օտարները կողոպտեն անոր վաստակը։
12Ո՛չ մէկը թող կարեկցութիւն 8ցոյց տայ՝՝ անոր, Ո՛չ մէ՛կը թող ողորմի անոր որբերուն։
13Անոր յետնորդները թող բնաջնջուին, Անոնց անունը թող ջնջուի յաջորդ սերունդին մէջէն։
14Անոր հայրերուն անօրէնութիւնը թող յիշուի Տէրոջ առջեւ, Եւ անոր մօր մեղքը չջնջուի.
15Անոնք շարունակ Տէրոջ առջեւ թող ըլլան, Որպէսզի անոնց յիշատակը երկրէն ջնջուի.
16Որովհետեւ ան 9չմտածեց կարեկցութեամբ վարուիլ, Հապա դժբախտն ու աղքատը հալածեց, Որպէսզի յուսալքուած սիրտ ունեցողը մեռցնէ։
17Քանի անէծքը սիրեց, թող գայ իր վրայ. Օրհնութենէն չախորժեցաւ, ուստի թող հեռանայ իրմէ։
18Քանի անէծքը իր վերարկուին պէս հագաւ, Թող մտնէ անոր 10փորը՝ ջուրի պէս, Եւ անոր ոսկորներուն մէջ՝ իւղի պէս.
19Հագնելիք 11հանդերձի պէս թող ըլլայ անոր, Ու շարունակ 12մէջքը կապելիք՝՝ գօտիի պէս։
20Ա՛յս թող ըլլայ ինծի ընդդիմացողներուն Եւ իմ անձիս դէմ չարախօսողներուն 13հատուցումը Տէրոջմէն։
21Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, 14օգնէ՛ ինծի՝՝ քու անունիդ համար. Ազատէ՛ զիս քու բարի կարեկցութեամբդ։
22Արդարեւ ես դժբախտ եւ աղքատ եմ, Եւ սիրտս խոցուած է իմ ներսս։
23Երկարող ստուերի պէս յառաջ կ’երթամ, Մարախի պէս 15թօթափուեցայ։
24Ծունկերս ծոմապահութենէն կը 16դողդոջեն, Ու մարմինս իր պարարտութենէն զրկուեցաւ։
25Ես անոնց նախատինք եղայ. Երբ զիս տեսնեն՝ իրենց գլուխը կը շարժեն։
26Օգնէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս. Փրկէ՛ զիս քու կարեկցութեանդ համեմատ։
27Թող գիտնան թէ ա՛յս է քու ձեռքդ, Եւ դո՛ւն ըրիր ասիկա, ո՛վ Տէր։
28Անոնք թող անիծեն, բայց դուն օրհնէ՛. Երբ ինծի դէմ կանգնին՝ թող ամչնան, Բայց քու ծառադ թող ուրախանայ։
29Ինծի ընդդիմացողները թող նախատինք հագնին, Եւ իրենց ամօթով ծածկուին՝ որպէս թէ պարեգօտով։
30Մեծապէս պիտի ներբողեմ Տէրը իմ բերանովս, Ու բազմութեան մէջ պիտի գովաբանեմ զինք.
31Որովհետեւ ինք աղքատին աջ կողմը կը կայնի, Որպէսզի անոր անձը փրկէ 17դատապարտողներէն։