Psalm 110
Job « Psalm 109 ‹ Psalm 110 › Psalm 111 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ Դաւիթի սաղմոսը։
1Տէրը պատգամեց իմ Տէրոջս. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս, Մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»։
21Տէրը Սիոնէն պիտի ղրկէ քու զօրութեանդ գաւազանը. Տիրապետէ՛ քու թշնամիներուդ մէջտեղ։
3Ոյժիդ օրը քու ժողովուրդդ Յօժարակամ պիտի ըլլայ՝ 2սուրբ զարդարանքներով՝՝. Քու 3երիտասարդներուդ ցօղը Արշալոյսի արգանդէն պիտի գայ քեզի։
44Տէրը երդում ըրեր է ու պիտի չզղջայ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ»։
5Տէրը քու աջ կողմդ է. Իր բարկութեան օրը թագաւորներ պիտի 5զարնէ։
6Ան 6հեթանոսները պիտի դատէ, Փողոցները մեռած մարմիններով պիտի լեցնէ. Շատ երկիրներու մէջ 7գլխաւորներ պիտի խոցէ՝՝։
7Ճամբան վտակէն պիտի խմէ. Ուստի գլուխը պիտի բարձրացնէ։