Loading...

Psalm 111

Job  «  Psalm 110  ‹  Psalm 111  ›  Psalm 112  »  Proverbs


ՏԷՐՈՋ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

1

Ալէլուիա՛։ Իմ ամբողջ սիրտովս Տէրը պիտի ներբողեմ՝ Ուղիղներուն խորհրդաժողովին եւ համայնքին մէջ։

2

Տէրոջ գործերը մեծ են. 1Կը փնտռուին՝՝ բոլոր անոնցմէ ախորժողներէն։

3

Անոր գործը փառաւոր ու վայելուչ է, Եւ անոր արդարութիւնը յաւերժ կը գոյատեւէ։

4

Յիշատակել տուաւ իր սքանչելիքները. Տէրը ողորմած ու գթած է։

5

2Կերակուր տուաւ իրմէ վախցողներուն. Իր ուխտը յաւիտեան պիտի յիշէ։

6

Իր գործերուն կարողութիւնը ցոյց տուաւ իր ժողովուրդին, Անոնց տալով ազգերուն ժառանգութիւնը։

7

Անոր ձեռքերուն գործերը 3ճշմարիտ եւ արդար՝՝ են. Անոր բոլոր հրամանները վստահելի են,

8

4Դարէ դար՝՝ 5հաստատուած են, Ճշմարտութեամբ եւ ուղղամտութեամբ եղած են։

9

Փրկութիւն ղրկեց իր ժողովուրդին, Իր ուխտը յաւիտենապէս 6հաստատեց. Սուրբ ու ահաւոր է անոր անունը։

10

Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջ վախն է. Լաւ ուշիմութիւն ունին անոնք՝ որ կը գործադրեն անոր հրամանները։ Անոր գովաբանութիւնը յաւերժ կը գոյատեւէ։



1 Կամ՝ Կ’որոնուին
2 Եբր.՝ Որս
3 Եբր.՝ ճշմարտութիւն եւ իրաւունք
4 Եբր.՝ Յաւերժութենէ յաւերժութիւն
5 Եբր.՝ յենած
6 Եբր.՝ պատուիրեց