Psalm 112
Job « Psalm 111 ‹ Psalm 112 › Psalm 113 » Proverbs
ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ
1Ալէլուիա՜։ Երանի՜ այն մարդուն՝ որ Տէրոջմէն կը վախնայ, Եւ անոր պատուիրաններէն յոյժ կ’ախորժի.
2Անոր զարմը զօրաւոր պիտի ըլլայ երկրի վրայ, Ուղիղներուն սերունդը պիտի օրհնուի։
3Փարթամութիւն ու հարստութիւն պիտի ըլլայ անոր տան մէջ, Եւ անոր արդարութիւնը յաւերժ պիտի գոյատեւէ։
4Խաւարին մէջ լոյս կը ծագի ուղիղներուն, Անոր՝ որ ողորմած, գթած եւ արդար է։
5Բարի մարդը կ’ողորմի ու փոխ կու տայ, Իր գործերը իրաւունքով 1կը վարէ՝՝։
6Ի՛րապէս ան յաւիտեան պիտի չսասանի. Արդարին յիշատակը յաւիտեան պիտի մնայ։
7Ան չարագուշակ լուրէն չի վախնար. Անոր սիրտը հաստատ է, ու Տէրո՛ջ կը վստահի։
8Անոր սիրտը նեցուկ ունի. պիտի չվախնայ՝ Մինչեւ որ իր հակառակորդներուն կորուստը տեսնէ։
92Բաշխեց եւ աղքատներուն տուաւ. Անոր արդարութիւնը յաւերժ կը գոյատեւէ, Անոր եղջիւրը փառքով պիտի բարձրանայ։
10Ամբարիշտը պիտի տեսնէ ու գրգռուի. Իր ակռաները պիտի կրճտէ եւ պիտի հալի։ Ամբարիշտներուն փափաքը պիտի կորսուի։