Loading...

Psalm 113

Job  «  Psalm 112  ‹  Psalm 113  ›  Psalm 114  »  Proverbs


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

1

Ալէլուիա՜։ Գովաբանեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջ ծառաները, Գովաբանեցէ՛ք Տէրոջ անունը։

2

Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրոջ անունը՝ Հիմա եւ յաւիտեան։

3

Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք՝ Գովելի ըլլայ Տէրոջ անունը։

4

Տէրը բարձրացած է բոլոր ազգերէն վեր. Անոր փառքը երկինքէն վեր է։

5

Ո՞վ կայ Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն պէս, Որ բարձրութեան մէջ կը բնակի,

6

Բայց կը 1ցածնայ՝ Երկինքի ու երկրի մէջ եղած բաները տեսնելու համար։

7

Ան չքաւորը 2հողէն կը վերցնէ, Եւ աղքատը աղբիւսէն կը բարձրացնէ,

8

Որպէսզի զանոնք նստեցնէ ազնուականներուն հետ, Իր ժողովուրդին ազնուականներուն հետ։

9

Ան ամուլ կինը ընտանիքի մէջ կը բնակեցնէ՝ Իբր որդիներու ուրախ մայր։ Ալէլուիա՜։



1 Եբր.՝ նուաստանայ
2 Կամ՝ փոշիէն