Psalm 114
Job « Psalm 113 ‹ Psalm 114 › Psalm 115 » Proverbs
ԶԱՏԿԱԿԱՆ ԵՐԳ
1Երբ Իսրայէլ Եգիպտոսէն դուրս ելաւ, Ու Յակոբի տունը՝ օտարալեզու ժողովուրդին մէջէն,
2Յուդա անոր սրբարանը եղաւ, Եւ Իսրայէլ՝ անոր տէրութիւնը։
3Ծովը տեսաւ ու փախաւ. Յորդանան 1նահանջեց։
4Լեռները խոյերու պէս ցատկռտեցին, Ու բլուրները՝ գառներու պէս։
5Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՛վ ծով, որ փախար, Եւ դո՛ւն, Յորդանա՛ն, որ նահանջեցիր։
6Ո՛վ լեռներ, ինչո՞ւ խոյերու պէս ցատկռտեցիք, Ու դո՛ւք, բլուրնե՛ր՝ գառներու պէս։
7Սարսափէ՛, ո՛վ երկիր, Տէրոջ 2առջեւ, Յակոբի Աստուծոյն առջեւ,
8Որ վէմը ջուրերու լիճի վերածեց, Եւ ապառաժը՝ ջուրերու աղբիւրի։