Loading...

Psalm 115

Job  «  Psalm 114  ‹  Psalm 115  ›  Psalm 116  »  Proverbs


ՄԻԱԿ ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՍՏՈՒԱԾԸ

1

Ո՛չ թէ մեզի, ո՛վ Տէր, ո՛չ թէ մեզի, Հապա քու անունիդ փառք տուր՝ Քու կարեկցութեանդ ու ճշմարտութեանդ պատճառով։

2

Ինչո՞ւ հեթանոսները ըսեն. «Ո՞ւր է հիմա անոնց Աստուածը»։

3

Բայց մեր Աստուածը երկինքն է. Ան իր ամբողջ փափաքածը իրագործեր է։

4

Անոնց կուռքերը արծաթ ու ոսկի են, Մարդու ձեռքի գործեր են.

5

Բերան ունին՝ բայց չեն խօսիր, Աչքեր ունին՝ բայց չեն տեսներ,

6

Ականջներ ունին՝ բայց չեն լսեր, Քիթ ունին բայց չեն հոտոտեր,

7

Ձեռքեր ունին՝ բայց չեն շօշափեր, Ոտքեր ունին՝ բայց չեն քալեր, Եւ իրենց կոկորդով չեն գոչեր.

8

Անոնց նման կ’ըլլան զանոնք շինողները, Ու բոլոր անոնց վստահողները։

9

1Ո՛վ Իսրայէլ, Տէրո՛ջ վստահէ՝՝. Ի՛նք է անոնց օգնութիւնն ու վահանը։

10

2Ո՛վ Ահարոնի տունը, Տէրո՛ջ վստահեցէք՝՝. Ի՛նք է անոնց օգնութիւնն ու վահանը։

11

3Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, Տէրո՛ջ վստահեցէք՝՝. Ի՛նք է անոնց օգնութիւնն ու վահանը։

12

Տէրը մեզ կը յիշէ եւ պիտի օրհնէ. Իսրայէլի տունը պիտի օրհնէ, Ահարոնի տունը պիտի օրհնէ,

13

Տէրոջմէն վախցողները պիտի օրհնէ, Պզտիկները՝ մեծերուն հետ։

14

Տէրը ձեր բարիքները պիտի աւելցնէ, Ձերը եւ ձեր որդիներունը։

15

Դուք օրհնեա՜լ էք Տէրոջմէն, Որ երկինքն ու երկիրը 4ստեղծեց։

16

Երկինքը Տէրո՛ջ երկինքն է, Բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ։

17

Մեռելները Տէրը չեն գովաբաներ, Ո՛չ ալ անոնք՝ որ 5գերեզմանը կ’իջնեն.

18

Բայց մենք Տէրը պիտի օրհնաբանենք, Հիմա եւ յաւիտեան։ Ալէլուիա՜։



1 Կամ՝ Իսրայէլ Տէրոջ կը վստահի
2 Կամ՝ Ահարոնի տունը Տէրոջ կը վստահի
3 Կամ՝ Տէրոջմէն վախցողները Տէրոջ կը վստահին
4 Եբր.՝ ըրաւ
5 Եբր.՝ լռութիւնը