Loading...

Psalm 116

Job  «  Psalm 115  ‹  Psalm 116  ›  Psalm 117  »  Proverbs


ՄԱՀԷՆ ԱԶԱՏՈՒԱԾԻ ՄԸ ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

1

Ես Տէրը կը սիրեմ, Որովհետեւ իմ ձայնս եւ աղաչանքս լսեց.

2

Քանի ան իր ականջը ինծի դարձուց, 1Ամբողջ կեանքիս՝՝ մէջ իրեն պիտի գոչեմ։

3

Մահուան լարերը զիս պատեցին, Եւ 2դժոխքին տագնապները ինծի պատահեցան. Տագնապ ու տրտմութիւն գտայ։

4

Բայց ես Տէրոջ անունը կանչեցի. Կ’աղերսե՛մ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս։

5

Տէրը ողորմած եւ արդար է, Մեր Աստուածը գթած է։

6

Տէրը միամիտները կը պահպանէ. Ես 3թշուառացած էի, բայց ա՛ն զիս ազատեց։

7

Ո՛վ իմ անձս, վերադարձի՛ր քու հանգստութեանդ, Քանի որ Տէրը քեզի երախտիք ըրաւ.

8

Արդարեւ դուն ազատեցիր իմ անձս մահէն, Իմ աչքերս՝ արցունքէն, ու ոտքերս՝ անկումէն։

9

Տէրոջ առջեւ պիտի ընթանամ Ապրողներու երկրին մէջ։

10

Վստահութիւն ունէի՝ նոյնիսկ երբ կ’ըսէի. «Ես մեծապէս տառապեցայ»։

11

Իրարանցումիս մէջ ըսի. «Ամէն մարդ ստախօս է»։

12

Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջ՝ Անոր ինծի ըրած բոլոր երախտիքներուն փոխարէն։

13

Փրկութեան բաժակը պիտի առնեմ Ու Տէրոջ անունը պիտի կանչեմ.

14

Տէրոջ ըրած ուխտերս պիտի կատարեմ Իր ամբողջ ժողովուրդին առջեւ։

15

Տէրոջ աչքերուն թանկարժէք է Իր բարեպաշտներուն մահը։

16

Կ’աղերսե՛մ, ո՛վ Տէր, որովհետեւ ես քու ծառադ եմ. Քու ծառադ եմ, քու աղախինիդ՝ որդին. Դո՛ւն իմ կապերս քակեցիր։

17

Շնորհակալութեան զոհ պիտի մատուցանեմ քեզի, Եւ Տէրոջ անունը պիտի կանչեմ։

18

Տէրոջ ըրած ուխտերս պիտի կատարեմ Իր ամբողջ ժողովուրդին առջեւ,

19

Տէրոջ տան գաւիթներուն մէջ, Քո՛ւ մէջդ, ո՛վ Երուսաղէմ։ Ալէլուիա՜։



1 Եբր.՝ Իմ օրերուս
2 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանին
3 Եբր.՝ ցածցած