Psalm 118
Job « Psalm 117 ‹ Psalm 118 › Psalm 119 » Proverbs
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ
1Շնորհակա՛լ եղէք Տէրոջմէն՝ որովհետեւ բարի է, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։
2Իսրայէլ թող ըսէ. «Անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է»։
3Ահարոնի տունը թող ըսէ. «Անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է»։
4Տէրոջմէն վախցողները թող ըսեն. «Անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է»։
5Տագնապի մէջ Տէրոջ գոչեցի, Եւ Տէրը պատասխանեց ինծի՝ ընդարձակ տեղ մը դնելով զիս։
6Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար. Մարդը ի՞նչ կրնայ ընել ինծի։
7Տէրը ինծի հետ է՝ իմ օգնականներուս մէջ, Ու ես 1ոսոխներուս կորուստը պիտի տեսնեմ։
8Աւելի լաւ է Տէրոջ ապաւինիլ, Քան թէ մարդոց վստահիլ.
9Աւելի լաւ է Տէրոջ ապաւինիլ, Քան թէ ազնուականներուն վստահիլ։
10Բոլոր ազգերը զիս շրջապատած էին. Բայց Տէրոջ անունով զանոնք 2ջարդեցի։
11Զիս շրջապատած էին, զիս 3պաշարած էին. Բայց Տէրոջ անունով զանոնք ջարդեցի։
12Մեղուներու պէս զիս շրջապատած էին, Բայց փուշերու կրակին պէս շիջանեցան. Արդարեւ Տէրոջ անունով զանոնք ջարդեցի։
13Սաստիկ հրեցիր զիս՝ որպէսզի իյնամ. Բայց Տէրը օգնեց ինծի։
14Տէրը իմ զօրութիւնս ու սաղմոսս է, Եւ իմ փրկութիւնս եղաւ։
15Արդարներուն 4բնակարաններուն մէջ ցնծութեան ու փրկութեան ձայն կայ. Տէրոջ աջ ձեռքը ոյժ կը բանեցնէ։
16Տէրոջ աջ ձեռքը բարձրացած է. Տէրոջ աջ ձեռքը ոյժ կը բանեցնէ։
17Պիտի չմեռնիմ, հապա պիտի ապրիմ, Որ Տէրոջ գործերը պատմեմ։
18Տէրը զիս սաստիկ պատժեց, Բայց զիս մահուան չմատնեց։
19Բացէ՛ք ինծի արդարութեան դռները. Անոնց մէջ պիտի մտնեմ ու Տէրոջ շնորհակալ ըլլամ։
20Ա՛յս է Տէրոջ դուռը, Արդարները ասկէ պիտի մտնեն։
21Շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ինծի պատասխանացիր Եւ ինծի փրկութիւն եղար։
22Այն քարը՝ որ կառուցանողները 5մերժեցին, 6Անկիւնաքարը եղաւ։
23Ասիկա Տէրոջմէ՛ն եղաւ. Սքանչելի է մեր աչքերուն։
24Ահա՛ւասիկ այն օրը՝ որ Տէրը 7ստեղծեց. Խայտա՛նք եւ ուրախանա՛նք անոր մէջ։
25Ո՛վ Տէր, կ’աղերսե՛մ, փրկէ՛ հիմա. Ո՛վ Տէր, կ’աղերսե՛մ, յաջողութի՛ւն տուր հիմա։
26Օրհնեա՜լ ըլլայ ա՛ն՝ որ Տէրոջ անունով կու գայ. Օրհնաբանեցինք ձեզ Տէրոջ տունէն։
27Տէրը Աստուած է, ու մեզ կը լուսաւորէ. 8Զոհի անասունը՝՝ փոկերո՛վ կապեցէք, Եւ զոհասեղանի եղջիւրներո՛ւն մօտեցուցէք։
28Դո՛ւն իմ Աստուածս ես, ու քեզմէ շնորհակալ պիտի ըլլամ. Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզ պիտի բարձրացնեմ։
29Շնորհակա՛լ եղէք Տէրոջմէն՝ որովհետեւ բարի է, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։