Loading...

Psalm 119

Job  «  Psalm 118  ‹  Psalm 119  ›  Psalm 120  »  Proverbs


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԷՆՔԸԱԼԷՖ

1

Երանի՜ անոնց՝ որ ճամբայով պարկեշտ են, Որոնք Տէրոջ Օրէնքին համաձայն կ’ընթանան։

2

Երանի՜ անոնց՝ որ անոր վկայութիւնները կը պահեն, Եւ ամբողջ սիրտով զինք կը փնտռեն.

3

Նաեւ անիրաւութիւն չեն գործեր, Հապա անոր ճամբաներէն կ’ընթանան։

4

Դուն պատուիրեցիր որ շա՛տ զգուշութեամբ Քու հրամաններդ պահենք։

5

Երանի՜ թէ ճամբաներս հաստատուին, Որպէսզի քու կանոններդ պահեմ.

6

Այն ատեն պիտի չամչնամ՝ Երբ քու բոլոր պատուիրաններուդ 1ուշադիր ըլլամ՝՝։

7

Քեզ պիտի ներբողեմ ուղիղ սիրտով,՝ Երբ քու արդար 2դատավճիռներդ սորվիմ։

8

Քու կանոններդ պիտի պահեմ. Զիս 3բնաւ մի՛ լքեր։


ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ ՊԷԹ

9

Երիտասարդը ի՞նպէս մաքրէ իր ուղին. Անոր ուշադիր ըլլալով՝ քու խօսքիդ համաձայն։

10

Իմ ամբողջ սիրտովս փնտռեցի քեզ. Մի՛ թողուր զիս՝ որ քու պատուիրաններէդ մոլորիմ։

11

Իմ սիրտիս մէջ պահեցի քու 4հրամաններդ, Որպէսզի չմեղանչեմ քեզի դէմ։

12

Դուն օրհնեա՜լ ես, ո՛վ Տէր. Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

13

Իմ շրթունքովս թուեցի Քու բերանիդ բոլոր դատավճիռները։

14

Քու վկայութիւններուդ ճամբայով բերկրեցայ, Որպէս թէ ամէն տեսակ փարթամութեամբ։

15

Քու հրամաններուդ մասին պիտի խոկամ, Եւ քու ուղիներդ պիտի դիտեմ։

16

Քու կանոններովդ պիտի հաճոյանամ, Ու քու խօսքդ պիտի չմոռնամ։


ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԻՄԷԼ

17

Երախտի՛ք ըրէ քու ծառայիդ, Որպէսզի ապրիմ եւ քու խօսքդ պահեմ։

18

Բա՛ց իմ աչքերս, Որպէսզի քու Օրէնքէդ սքանչելիքներ տեսնեմ։

19

Ես պանդուխտ եմ երկրի վրայ. Մի՛ 5պահեր ինձմէ քու պատուիրաններդ։

20

Իմ անձս կը խորտակուի՝ Ամէն ժամանակ քու դատավճիռներուդ ըղձալէն։

21

Դուն սաստեցիր անիծեալ հպարտները՝ Որոնք քու պատուիրաններէդ կը մոլորին։

22

6Վերցո՛ւր ինձմէ նախատինքն ու արհամարհանքը, Քանի քու վկայութիւններդ պահեցի։

23

Նոյնիսկ իշխանաւորներ կը նստէին եւ ինծի դէմ կը խօսէին, Բայց ծառադ քու կանոններուդ մասին կը խոկար։

24

Քու վկայութիւններդ ալ իմ հաճոյքս Ու 7խորհրդատուներս են։


ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ ՏԱԼԷԹ

25

Իմ անձս հողին կը փակչի. Վերապրեցո՛ւր զիս՝ քու խօսքիդ համաձայն։

26

Իմ ճամբաներս պատմեցի, ու դուն պատասխանեցիր ինծի. Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

27

8Գիտցո՛ւր ինծի քու հրամաններուդ ճամբան, Եւ քու սքանչելիքներուդ մասին պիտի խոկամ։

28

Իմ անձս տրտմութենէն արցունք կը 9թափէ. 10Հաստատէ՛ զիս՝ քու խօսքիդ համաձայն։

29

Հեռացո՛ւր ինձմէ ստութեան ճամբան, Ու շնորհէ՛ ինծի քու Օրէնքդ։

30

Հաւատարմութեան ճամբան ընտրեցի, Եւ քու դատավճիռներդ իմ առջեւս դրի։

31

Քու վկայութիւններուդ յարեցայ. Ո՛վ Տէր, մի՛ ամչցներ զիս։

32

Քու պատուիրաններուդ ճամբային մէջ պիտի վազեմ, Որովհետեւ դուն իմ սիրտս պիտի 11սփոփես։


ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՀԷ

33

Ո՛վ Տէր, սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններուդ ճամբան, Ու մինչեւ վախճանը պիտի պահեմ զայն։

34

Խելացի՛ ըրէ զիս, որպէսզի քու Օրէնքդ պահեմ, Եւ ամբողջ սիրտով անոր ուշադիր ըլլամ։

35

Առաջնորդէ՛ զիս քու պատուիրաններուդ շաւիղին մէջ, Որովհետեւ անկէ կ’ախորժիմ։

36

Հակեցո՛ւր իմ սիրտս քու վկայութիւններուդ, Եւ ո՛չ թէ ագահութեան։

37

12Հեռացո՛ւր աչքերս ունայնութիւն տեսնելէ. Վերապրեցո՛ւր զիս քու ճամբայիդ մէջ։

38

Հաստատէ՛ քու 13խոստումդ Քեզմէ վախցող ծառայիդ հանդէպ։

39

Հեռացո՛ւր ինձմէ նախատինքս՝ որմէ կը վախնամ, Որովհետեւ քու դատավճիռներդ բարի են։

40

Ահա՛ կ’ըղձամ քու հրամաններուդ. Վերապրեցո՛ւր զիս քու արդարութեամբդ։


ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ ՎՐԱՅ ՎԱՒ

41

Ո՛վ Տէր, քու կարեկցութիւնդ թող գայ իմ վրաս, Նաեւ քու փրկութիւնդ՝ քու 14խոստումիդ համաձայն.

42

Որպէսզի 15բան մը ունենամ պատասխանելու զիս նախատողին, Որովհետեւ քու խօսքիդ կը վստահիմ։

43

Ճշմարտութեան խօսքը 16բնաւ մի՛ 17հեռացներ իմ բերանէս, Քանի քու դատավճիռներուդ կը յուսամ։

44

Քու Օրէնքդ շարունակ պիտի պահեմ, 18Դարէ դար՝՝։

45

Ընդարձակ տեղի մէջ պիտի ընթանամ, Քանի որ քու հրամաններդ փնտռեցի։

46

Թագաւորներու առջեւ պիտի խօսիմ քու վկայութիւններուդ մասին, Եւ պիտի չամչնամ։

47

Պիտի հաճոյանամ քու պատուիրաններովդ՝ Որոնք սիրած եմ։

48

Ձեռքերս դէպի քու պատուիրաններդ պիտի բարձրացնեմ՝ որոնք սիրած եմ, Ու քու կանոններուդ մասին պիտի խոկամ։


ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ ԶԱՅԻՆ

49

Յիշէ՛ քու ծառայիդ եղած 19խոստումը, Որուն վրայ ինծի յուսալ տուիր.

50

Ա՛յս է մխիթարութիւնս՝ իմ տառապանքիս մէջ, Որովհետեւ քու խոստումդ զիս վերապրեցուց։

51

Հպարտները չափազանց ծաղրեցին զիս, Բայց ես քու Օրէնքէդ չշեղեցայ։

52

Ո՛վ Տէր, քու դարաւոր դատավճիռներդ յիշեցի, Ու մխիթարուեցայ։

53

20Մոլուցքը զիս համակեց այն ամբարիշտներուն համար՝ Որոնք քու Օրէնքդ կը լքեն։

54

Քու կանոններդ ինծի օրհներգեր եղան Իմ պանդխտութեանս տան մէջ։

55

Ո՛վ Տէր, գիշերը քու անունդ յիշեցի, Եւ քու Օրէնքդ պահեցի։

56

Ասիկա 21պատահեցաւ ինծի, Որովհետեւ քու հրամաններդ պահեցի։


ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄԸ ԽԷԹ

57

Դո՛ւն ես իմ բաժինս, ո՛վ Տէր. Խոստացայ որ քու խօսքերդ պահեմ։

58

Ամբողջ սիրտով 22քու շնորհքդ խնդրեցի՝՝. Ողորմէ՛ ինծի՝ քու 23խոստումիդ համաձայն։

59

Իմ ճամբաներուս մասին մտածեցի, Ու ոտքերս քու վկայութիւններուդ 24ուղղեցի։

60

Քու պատուիրաններդ պահելու Արտորացի, եւ չտնտնացի։

61

Ամբարիշտներուն լարերը զիս կաշկանդեցին, Բայց ես քու Օրէնքդ չմոռցայ։

62

Կէս գիշերին կ’ելլեմ քեզ ներբողելու՝ Քու արդար դատավճիռներուդ համար։

63

Ես ընկերակիցն եմ բոլոր անոնց՝ որ քեզմէ կը վախնան, Ու քու հրամաններդ կը պահեն։

64

Ո՛վ Տէր, երկիրը լեցուն է քու կարեկցութեամբդ. Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։


ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԺԷՔԸ ԴԷԹ

65

Բարիք ըրիր քու ծառայիդ, ո՛վ Տէր, Քու 25խոստումիդ համաձայն։

66

Սորվեցո՛ւր ինծի դատողութեան ու գիտութեան բարիքները, Որովհետեւ քու պատուիրաններուդ վստահեցայ։

67

Քանի տառապած չէի՝ կը 26մոլորէի, Բայց հիմա քու 27հրամաններդ կը պահեմ։

68

Դուն բարի ես, ու բարերար. Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

69

Հպարտները սուտեր հնարեցին ինծի դէմ, Բայց ես ամբողջ սիրտովս քու հրամաններդ պիտի պահեմ։

70

Անոնց սիրտը ճարպի պէս 28պարարտացաւ, Բայց ես քու Օրէնքովդ հաճոյացայ։

71

29Նպաստաւոր եղաւ ինծի որ տառապեցայ, Որպէսզի քու կանոններդ սորվիմ։

72

Քու բերանիդ Օրէնքը ինծի աւելի լաւ է՝ Քան հազարներով ոսկի եւ արծաթ։


ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՕՏ

73

Քու ձեռքե՛րդ շինեցին ու 30ձեւակերպեցին զիս. Խելացի՛ ըրէ զիս, որպէսզի քու պատուիրաններդ սորվիմ։

74

Քեզմէ վախցողները զիս պիտի տեսնեն եւ ուրախանան, Որովհետեւ քու 31խոստումիդ յուսացի։

75

Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ քու դատավճիռներդ արդար են, Եւ 32իրաւունքով տառապեցուցիր զիս։

76

Կը խնդրե՛մ, քու կարեկցութիւնդ թող 33մխիթարէ զիս՝՝ Քու ծառայիդ տուած խոստումիդ համաձայն։

77

Քու գթութիւններդ թող գան իմ վրաս՝ որպէսզի ապրիմ, Որովհետեւ քու Օրէնքդ իմ հաճոյքս է։

78

Հպարտները պիտի ամչնան, Քանի ընդունայն անիրաւութիւն գործեցին ինծի դէմ. Բայց ես քու հրամաններուդ մասին պիտի խոկամ։

79

Ինծի թող դառնան քեզմէ վախցողները, Եւ քու վկայութիւններդ գիտցողները։

80

Իմ սիրտս թող պարկեշտ ըլլայ քու կանոններուդ մէջ, Որպէսզի չամչնամ։


ԱՂՕԹՔ՝ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՔԱՖ

81

Իմ անձս կը 34նուաղի քու փրկութեանդ սպասելէն. Ես կը յուսամ քու 35խոստումիդ։

82

Իմ աչքերս կը նուաղին քու խոստումիդ համար, Ու կ’ըսեմ. «Ե՞րբ պիտի մխիթարես զիս»։

83

Արդարեւ ես ծուխի մէջ դրուած տիկի պէս եղայ, Բայց քու կանոններդ չմոռցայ։

84

Ո՞րչափ են քու ծառայիդ օրերը. Ե՞րբ 36դատավճիռ պիտի արձակես՝՝ զիս հալածողներուն դէմ։

85

Հպարտները փոսեր փորեցին ինծի համար, Ինչ որ քու Օրէնքիդ համաձայն չէ։

86

Քու բոլոր պատուիրաններդ հաւատարմութիւն են։ Օգնէ՛ ինծի. ընդունայն զիս կը հալածեն։

87

Քիչ մնաց որ զիս սպառէին երկրի վրայ, Բայց ես քու հրամաններդ չլքեցի։

88

Վերապրեցո՛ւր զիս՝ քու կարեկցութեանդ համեմատ, Ես ալ քու բերանիդ վկայութիւնը պիտի պահեմ։


ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ ԼԱՄԷՏ

89

Ո՛վ Տէր, քու խօսքդ Յաւիտենապէս հաստատուած է երկինքի մէջ։

90

Քու հաւատարմութիւնդ սերունդէ սերունդ կը տեւէ։ Դո՛ւն հաստատեցիր երկիրը, ու կը գոյատեւէ։

91

Քու կանոններուդ համաձայն կը կենան մինչեւ այսօր. Որովհետեւ բոլորը քու ծառաներդ են։

92

Եթէ քու Օրէնքդ իմ հաճոյքս չըլլար, Կորսուած պիտի ըլլայի իմ տառապանքիս մէջ։

93

Քու հրամաններդ երբեք պիտի չմոռնամ, Քանի որ անոնցմո՛վ վերապրեցուցիր զիս։

94

Ես քուկդ եմ, փրկէ՛ զիս, Որովհետեւ քու հրամաններդ փնտռեցի։

95

Ամբարիշտները ինծի սպասեցին՝ որ զիս կորսնցնեն, Բայց ես քու վկայութիւններուդ 37ուշադրութիւն պիտի դարձնեմ՝՝։

96

Տեսայ թէ ամէն կատարելութիւն վախճան ունի. Մինչդեռ քու պատուիրանդ չափազանց ընդարձակ է։


ՍԷՐ ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՄԷՄ

97

Ո՜րչափ կը սիրեմ քու Օրէնքդ. Ա՛ն է ամէն օր իմ խոկումս։

98

Քու պատուիրաններդ զիս թշնամիներէս աւելի իմաստուն ըրին, Քանի որ անոնք միշտ իմ քովս են։

99

Բոլոր ուսուցիչներէս աւելի ուշիմ եղայ, Որովհետեւ քու վկայութիւններդ իմ խոկումս են։

100

Երէցներէն աւելի խելացի եղայ, Քանի որ քու հրամաններդ պահեցի։

101

Ոտքերս ամէն գէշ ուղիէ 38հեռացուցի, Որպէսզի քու խօսքդ պահեմ։

102

Քու դատավճիռներէդ չշեղեցայ, Որովհետեւ դո՛ւն սորվեցուցիր ինծի։

103

Ո՜րչափ քաղցր է քու 39խօսքդ իմ քիմքիս, Մեղրէն աւելի անոյշ է իմ բերանիս։

104

Քու հրամաններովդ խելացի եղայ. Հետեւաբար 40ստութեան ամէն ուղի ատեցի։


ԼՈՅՍ՝ ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԷՆ ՆՈՒՆ

105

Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է, Եւ իմ շաւիղներուս՝ լոյս։

106

Երդում ըրի — ու պիտի կատարեմ — Որ քու արդար դատավճիռներդ պահեմ։

107

Չափազանց տառապեցայ, ո՛վ Տէր. Վերապրեցո՛ւր զիս՝ քու 41խոստումիդ համաձայն։

108

Կ’աղերսե՛մ, ո՛վ Տէր, հաւանէ՛ բերանիս յօժարակամ ընծաներուն, Ու սորվեցո՛ւր ինծի քու դատավճիռներդ։

109

Իմ 42կեանքս շարունակ կը վտանգեմ՝՝, Բայց քու Օրէնքդ չեմ մոռնար։

110

Ամբարիշտները վարմ դրին ինծի համար, Բայց ես քու հրամաններէդ չմոլորեցայ։

111

Քու վկայութիւններդ իմ յաւիտենական ժառանգութիւնս են, Որովհետեւ անոնք սիրտիս բերկրանքն են։

112

Հակեցուցի իմ սիրտս, որպէսզի քու կանոններդ գործադրեմ Յաւիտեան՝ մինչեւ վախճանը։


ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ՝ ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ ՍԱՄԷԽ

113

Երկմիտները կ’ատեմ, Բայց քու Օրէնքդ կը սիրեմ։

114

Դո՛ւն ես իմ 43պատսպարանս ու վահանս. Ես քու 44խոստումիդ կը յուսամ։

115

Հեռացէ՛ք ինձմէ, ո՛վ չարագործներ, Քանի ես իմ Աստուծոյս պատուիրանները պիտի պահեմ։

116

Նեցո՛ւկ եղիր ինծի՝ քու 45խոստումիդ համաձայն, որպէսզի ապրիմ. Զիս մի՛ ամչցներ իմ յոյսէս։

117

Կազդուրէ՛ զիս՝ որպէսզի ապրիմ, Եւ շարունակ 46ուշադիր ըլլամ՝՝ քու կանոններուդ։

118

Տապալեցիր բոլոր անոնք՝ որ քու կանոններէդ մոլորեցան, Քանի որ անոնց խաբէութիւնը կեղծիք է։

119

Դուն 47խարամի պէս 48հանեցիր երկրի բոլոր ամբարիշտները. Հետեւաբար ես կը սիրեմ քու վկայութիւններդ։

120

Իմ մարմինս դողաց քու երկիւղէդ, Ու ես վախցայ քու դատավճիռներէդ։


ԱՅԻՆ

121

Իմ մարմինս դողաց քու երկիւղէդ, Ու ես վախցայ քու դատավճիռներէդ։


ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ

121

Իրաւունք եւ արդարութիւն կիրարկեցի, Զիս մի՛ 49լքեր իմ հարստահարիչներուս։

122

Երաշխաւո՛ր եղիր քու ծառայիդ բարօրութեան. Հպարտները թող չհարստահարեն զիս։

123

Աչքերս նուաղեցան քու փրկութեանդ Ու քու արդարութեանդ 50խոստումին սպասելէն։

124

Քու կարեկցութեա՛նդ համեմատ վարուէ ծառայիդ հետ, Եւ սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

125

Ես քու ծառադ եմ. խելացի՛ ըրէ զիս, Որպէսզի քու վկայութիւններդ գիտնամ։

126

Ժամանա՛կն է որ Տէրը գործէ, Որովհետեւ քու Օրէնքդ 51անտեսեցին։

127

Հետեւաբար քու պատուիրաններդ Ոսկիէն ու զուտ ոսկիէն աւելի կը սիրեմ.

128

Ուստի քու բոլոր հրամաններդ ամէն կերպով ուղիղ կը համարեմ, Եւ 52ստութեան ամէն ուղի կ’ատեմ։


ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՒ ՓԱՓԱՔ ՓԷ

129

Քու վկայութիւններդ սքանչելի են, Հետեւաբար իմ անձս զանոնք կը պահէ։

130

Քու խօսքերուդ 53յայտնութիւնը կը լուսաւորէ, Ու միամիտները խելացի կ’ընէ։

131

Իմ բերանս բացի եւ հեւացի, Որովհետեւ քու պատուիրաններուդ կ’ըղձամ։

132

Նայէ՛ ու ողորմէ՛ ինծի, Ինչպէս սովորաբար կ’ընես քու անունդ սիրողներուն։

133

Հաստատէ՛ իմ քայլերս քու 54հրամաններուդ մէջ. Ո՛չ մէկ անօրէնութիւն թող տիրէ ինծի։

134

Փրկէ՛ զիս մարդոց հարստահարութենէն, Որ քու հրամաններդ պահեմ։

135

55Պայծառացո՛ւր երեսդ քու ծառայիդ վրայ, Եւ սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։

136

Ջուրի առուներ կ’իջնեն իմ աչքերէս, Քանի որ մարդիկ քու Օրէնքդ չեն պահեր։


ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՑԱՏԷ

137

Դուն արդար ես, ո՛վ Տէր, Եւ քու դատավճիռներդ ուղիղ են։

138

Քու պատուիրած վկայութիւններդ Արդար ու յոյժ հաւատարիմ են։

139

Իմ նախանձախնդրութիւնս զիս փճացուց, Որովհետեւ իմ հակառակորդներս քու խօսքերդ մոռցան։

140

Քու խօսքդ յոյժ 56ջինջ է, Ուստի քու ծառադ զայն կը սիրէ։

141

Ես փոքր եւ արհամարհուած եմ, Բայց քու հրամաններդ չմոռցայ։

142

Քու արդարութիւնդ յաւիտենական արդարութիւն է, Եւ քու Օրէնքդ ճշմարտութիւն է։

143

Տագնապն ու տուայտանքը զիս գտան, Բայց քու պատուիրաններդ իմ հաճոյքս են։

144

Քու վկայութիւններուդ արդարութիւնը յաւիտենական է. Խելացի՛ ըրէ զիս, եւ պիտի ապրիմ։


ԱՂՕԹՔ՝ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԳՕՖ

145

Ամբողջ սիրտով գոչեցի. Ո՛վ Տէր, պատասխանէ՛ ինծի, ու քու կանոններդ պիտի պահեմ։

146

Քեզի՛ գոչեցի, փրկէ՛ զիս, Ու քու վկայութիւններդ պիտի պահեմ։

147

Այգաբացը կանխեցի եւ աղաղակեցի. Քու 57խոստումիդ յուսացի։

148

Գիշերուան 58պահերէն առաջ բացուեցան՝՝ աչքերս՝ Քու 59հրամաններուդ մասին խոկալու համար։

149

Լսէ՛ իմ ձայնս՝ քու կարեկցութեանդ համեմատ, ո՛վ Տէր. Վերապրեցո՛ւր զիս՝ քու կանոններուդ համաձայն։

150

Ինծի կը մօտենան լրբութեան հետամուտ եղողները, Որոնք քու Օրէնքէդ հեռացած են։

151

Բայց, ո՛վ Տէր, դուն իմ մօտս ես, Եւ քու բոլոր պատուիրաններդ ճշմարտութիւն են։

152

Վաղուց գիտեմ թէ քու վկայութիւններդ 60Յաւիտենապէս հաստատած ես՝՝։


ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԵՐՍ ՐԷՇ

153

Տե՛ս իմ տառապանքս եւ ազատէ՛ զիս, Որովհետեւ քու Օրէնքդ չմոռցայ։

154

Պաշտպանէ՛ իրաւունքս ու փրկէ՛ զիս, Վերապրեցո՛ւր զիս՝ քու 61խոստումիդ համաձայն։

155

Փրկութիւնը հեռու է ամբարիշտներէն, Քանի որ քու կանոններդ չեն փնտռեր։

156

Ո՛վ Տէր, քու գթութիւններդ բազմաթիւ են, Վերապրեցո՛ւր զիս՝ քու կանոններուդ համաձայն։

157

Բազմաթիւ են իմ հալածիչներս ու հակառակորդներս. Բայց ես քու վկայութիւններէդ չշեղեցայ։

158

Անհաւատարիմները տեսայ եւ զզուեցայ, Որովհետեւ անոնք քու 62հրամաններդ չէին պահեր։

159

Նայէ՛ թէ ո՜րքան կը սիրեմ քու հրամաններդ, ո՛վ Տէր. Վերապրեցո՛ւր զիս՝ քու կարեկցութեանդ համեմատ։

160

Քու խօսքիդ 63սկզբունքը ճշմարտութիւն է, Ու բոլոր արդար դատավճիռներդ յաւիտենական են։


ԸՆԾԱՅՈՒՄ ՏԷՐՈՋ ՕՐԷՆՔԻՆ ՇԻՆ

161

Իշխանաւորները առանց 64պատճառի զիս հալածեցին, Բայց իմ սիրտս միայն քու խօսքէդ կը վախնայ։

162

Ես կը բերկրիմ քու 65հրամաններովդ՝ Շատ աւար գտնողի պէս։

163

Ստութիւնը կ’ատեմ, եւ անկէ կը գարշիմ. Քու Օրէ՛նքդ կը սիրեմ։

164

Օրը եօթը անգամ կը գովաբանեմ քեզ՝ Քու արդար դատավճիռներուդ համար։

165

Քու Օրէնքդ սիրողները յորդառատ խաղաղութիւն ունին. Անոնց համար 66սայթաքում չկայ։

166

Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ յուսացի, Եւ քու պատուիրաններդ գործադրեցի։

167

Իմ անձս քու վկայութիւններդ պահեց. Ես զանոնք շատ կը սիրեմ։

168

Քու հրամաններդ ու վկայութիւններդ պահեցի, Քանի որ իմ բոլոր ճամբաներս քու առջեւդ են։


ԱՂՕԹՔ՝ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԹԱՒ

169

Ո՛վ Տէր, իմ 67պաղատանքս թող ներկայանայ քու առջեւդ. Խելացի՛ ըրէ զիս՝ քու 68խոստումիդ համաձայն։

170

Իմ աղաչանքս թող հասնի քու առջեւդ. Ազատէ՛ զիս՝ քու խոստումիդ համաձայն։

171

Իմ շրթունքս գովաբանութիւն պիտի արտայայտէ, Որովհետեւ քու կանոններդ սորվեցուցիր ինծի։

172

Իմ լեզուս քու 69հրամաններդ պիտի 70յայտարարէ, Քանի որ քու բոլոր պատուիրաններդ արդար են։

173

Քու ձեռքդ թող օգնական ըլլայ ինծի, Որովհետեւ քու հրամաններդ նախընտրեցի։

174

Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ կ’ըղձամ, Եւ քու Օրէնքդ իմ հաճոյքս է։

175

Իմ անձս թող ապրի ու քեզ գովաբանէ, Եւ քու դատավճիռներդ թող օգնեն ինծի։

176

Կորսուած ոչխարի պէս կը դեգերիմ. Փնտռէ՛ քու ծառադ, որովհետեւ քու պատուիրաններդ չմոռցայ։



1 Եբր.՝ նայիմ
2 Կամ՝ կանոններդ
3 Եբր.՝ բոլորովին
4 Կամ՝ խօսքերդ
5 Եբր.՝ ծածկեր
6 Եբր.՝ Գլորէ՛
7 Եբր.՝ խորհուրդի մարդիկս
8 Կամ՝ Հասկցո՛ւր
9 Եբր.՝ կաթեցնէ
10 Կամ՝ Կանգնեցո՛ւր
11 Եբր.՝ լայնցնես
12 Եբր.՝ Անցո՛ւր
13 Կամ՝ խօսքդ
14 Կամ՝ խօսքիդ
15 Կամ՝ խօսք
16 Եբր.՝ բոլորովին
17 Եբր.՝ ազատեր
18 Եբր.՝ Յաւիտենականութենէ յաւիտենականութիւն
19 Կամ՝ խօսքը
20 Եբր.՝ Կիզումը
21 Եբր.՝ եղաւ
22 Եբր.՝ երեսիդ պաղատեցայ
23 Կամ՝ խօսքիդ
24 Եբր.՝ դարձուցի
25 Կամ՝ խօսքիդ
26 Կամ՝ սխալէի
27 Կամ՝ խօսքդ
28 Կամ՝ թանձրացաւ
29 Եբր.՝ Լաւ
30 Եբր.՝ պատրաստեցին
31 Կամ՝ խօսքիդ
32 Եբր.՝ հաւատարմութեամբ
33 Եբր.՝ մխիթարութիւն ըլլայ ինծի
34 Եբր.՝ սպառի
35 Կամ՝ խօսքիդ
36 Եբր.՝ դատաստան պիտի ընես
37 Եբր.՝ մասին պիտի մտածեմ
38 Եբր.՝ արգիլեցի
39 Կամ՝ հրամաններդ
40 Կամ՝ կեղծիքի
41 Կամ՝ խօսքիդ
42 Եբր.՝ շունչս շարունակ ափիս մէջ է
43 Եբր.՝ ծածկոյթս
44 Կամ՝ խօսքիդ
45 Կամ՝ խօսքիդ
46 Եբր.՝ նայուածքս դարձնեմ
47 Այսինքն՝ հալած մետաղի կեղտի
48 Եբր.՝ դադրեցուցիր
49 Եբր.՝ ձգեր
50 Կամ՝ խօսքին
51 Եբր.՝ խզեցին
52 Կամ՝ կեղծիքի
53 Եբր.՝ մուտքը
54 Կամ՝ խօսքիդ
55 Եբր.՝ Լուսաւորէ՛
56 Եբր.՝ զտուած
57 Կամ՝ խօսքիդ
58 Եբր.՝ պահերը կանխեցին
59 Կամ՝ խօսքերուդ
60 Եբր.՝ Զանոնք յաւիտենապէս հիմնած ես
61 Կամ՝ խօսքիդ
62 Կամ՝ խօսքդ
63 Եբր.՝ գլուխը
64 Եբր.՝ վճարումի
65 Կամ՝ խօսքերովդ
66 խոչընդոտ
67 Եբր.՝ ճիչս
68 Կամ՝ խօսքիդ
69 Կամ՝ խօսքդ
70 Եբր.՝ խօսի