Psalm 125
Job « Psalm 124 ‹ Psalm 125 › Psalm 126 » Proverbs
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ Աստիճաններուն երգը։
1Տէրոջ վստահողները Սիոն լերան պէս են, Որ չ’երերար, հապա յաւիտեան կը կենայ։
2Ինչպէս Երուսաղէմ լեռներով շրջապատուած է, Նոյնպէս Տէրը իր ժողովուրդին շուրջն է Հիմա եւ յաւիտեան։
3Արդարեւ ամբարիշտին գաւազանը արդարներուն վիճակին վրայ պիտի 1չմնայ, Որպէսզի արդարները իրենց ձեռքերը անիրաւութեան չերկարեն։
4Ո՛վ Տէր, բարի՛ք ըրէ բարիներուն Եւ սիրտով ուղիղներուն։
5Իսկ անոնք որ իրենց ծուռ ճամբաներուն մէջ կը խոտորին, Տէրը զիրենք պիտի 2կորսնցնէ՝ անօրէնութիւն գործողներուն հետ։ Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։