Psalm 126
Job « Psalm 125 ‹ Psalm 126 › Psalm 127 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ Աստիճաններուն երգը։
1Երբ Տէրը Սիոնի գերիները վերադարձուց, 1Երազ տեսնողներու՝՝ պէս եղանք։
2Այն ատեն մեր բերանը ծիծաղով լեցուեցաւ, Ու մեր լեզուն՝ ցնծերգով։ Այն ատեն հեթանոսներուն մէջ ըսին. «Տէրը անոնց համար մեծագործութիւններ կատարեց»։
3Տէրը մեզի համար մեծագործութիւններ կատարեց, Եւ մենք ուրախացանք։
4Ո՛վ Տէր, վերադարձո՛ւր մեր գերիները՝ Հարաւի վտակներուն պէս։
5Անոնք որ արցունքով կը սերմանեն՝ Ցնծութեամբ պիտի հնձեն.
6Ան որ լալով կ’երթայ՝ Ցանելիք սերմը տանելով, Անշուշտ ցնծութեամբ պիտի վերադառնայ՝ Իր ցորենի որաները բերելով։