Loading...

Psalm 127

Job  «  Psalm 126  ‹  Psalm 127  ›  Psalm 128  »  Proverbs


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌՔԸ Սողոմոնի աստիճաններուն երգը։

1

Եթէ Տէրը չկառուցանէ տունը, Ընդունայն կ’աշխատին զայն կառուցանողները. Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը, Ընդունայն կը հսկեն պահապանները։

2

Ընդունայն է ձեզի համար կանուխ ելլելը, ուշ 1պառկիլը, Ու 2տքնելով հաց ուտելը. Արդարեւ ան իր սիրելիին քունի մէջ նոյնքան կու տայ։

3

Ահա՛ որդիները Տէրոջ ժառանգութիւնն են. 3Որովայնի պտուղը անոր 4վարձատրութիւնն է։

4

Ինչպէս են նետերը զօրաւոր մարդուն ձեռքին մէջ, Այնպէս են երիտասարդութեան որդիները։

5

Երանի՜ այն 5մարդուն՝ Որ իր կապարճը անոնցմով լեցուցած է. Պիտի չամչնան՝ Երբ դրան մէջ թշնամիներուն հետ խօսին։



1 Եբր.՝ նստիլը
2 Եբր.՝ տքնութեան
3 Եբր.՝ Փորի
4 Եբր.՝ վարձքն
5 Եբր.՝ զօրաւոր մարդուն