Loading...

Psalm 128

Job  «  Psalm 127  ‹  Psalm 128  ›  Psalm 129  »  Proverbs


ՏԷՐՈՋ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ Աստիճաններուն երգը։

1

Երանի՜ բոլոր անոնց՝ որ Տէրոջմէն կը վախնան, Եւ անոր ճամբաներէն կ’ընթանան։

2

Արդարեւ քու ձեռքիդ վաստակէն պիտի ուտես. Երանի՜ քեզի, բարօրութիւն պիտի ունենաս։

3

Քու կինդ պտղաբեր որթատունկի մը պէս պիտի ըլլայ 1Տունէդ ներս՝՝, Ու քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս պիտի ըլլան Սեղանիդ շուրջը։

4

Ահա՛ ա՛յսպէս պիտի օրհնուի Տէրոջմէն վախցող 2մարդը։

5

Տէրը օրհնէ քեզ Սիոնէ, Ու Երուսաղէմի բարօրութիւնը տեսնես Կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ.

6

Նաեւ քու որդիներուդ որդիները տեսնես։ Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։



1 Եբր.՝ Տանդ ներսի կողմերը
2 Եբր.՝ զօրաւոր մարդը