Psalm 129
Job « Psalm 128 ‹ Psalm 129 › Psalm 130 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ Աստիճաններուն երգը։
1Իմ մանկութենէս ի վեր յաճախ զիս ճնշեցին, — Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ —,
2Իմ մանկութենէս ի վեր յաճախ զիս ճնշեցին, Բայց ինծի չյաղթեցին։
3Հերկողները իմ կռնակս հերկեցին Եւ իրենց ակօսները երկարեցին։
4Տէրը արդար է. Ան ամբարիշտներուն փոկերը կտրեց։
5Բոլոր Սիոնը ատողները Պիտի ամչնան եւ ընկրկին.
6Տանիքներու վրայի խոտին պէս պիտի ըլլան, Որ դեռ 1չփրցուած կը չորնայ։
7Անով հնձողը չի կրնար իր ձեռքը լեցնել, Ո՛չ ալ որայ կապողը՝ իր գոգը։
8Անցորդները չեն ըսեր. «Տէրոջ օրհնութիւնը ձեր վրայ ըլլայ. Ձեզ Տէրոջ անունով կ’օրհնենք»։