Psalm 130
Job « Psalm 129 ‹ Psalm 130 › Psalm 131 » Proverbs
ԱՂՕԹՔ՝ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Աստիճաններուն երգը։
1Խորունկ տեղերէն քեզի գոչեցի, ո՛վ 1Տէր։
2Տէ՛ր, լսէ՛ իմ ձայնս. Քու ականջներդ թող մտիկ ընեն աղաչանքիս ձայնը։
3Ո՛վ 2Տէր, եթէ անօրէնութիւնները 3յիշես, Տէ՛ր, ո՞վ պիտի գոյատեւէ։
4Բայց քու քովդ է ներումը, Որպէսզի քեզմէ վախնան։
5Ես 4Տէրոջ կը սպասեմ. իմ անձս կը սպասէ, Եւ անոր 5խոստումին կը յուսամ։
6Իմ անձս Տէրոջ կը սպասէ Առտուան սպասող պահապաններէն, առտուան սպասող պահապաններէն աւելի։
7Իսրայէլ Տէրոջ թող յուսայ, Որովհետեւ Տէրոջ քով կարեկցութիւն կայ. Անոր քով յորդառատ փրկութիւն կայ։
8Ա՛ն պիտի փրկէ Իսրայէլը Իր բոլոր անօրէնութիւններէն։