Loading...

Psalm 132

Job  «  Psalm 131  ‹  Psalm 132  ›  Psalm 133  »  Proverbs


ԱՂՕԹՔ՝ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ Աստիճաններուն երգը։

1

Ո՛վ Տէր, յիշէ՛ Դաւիթը Եւ անոր բոլոր տառապանքները։

2

Յիշէ՛ թէ երդում ըրաւ Տէրոջ, Ուխտ դրաւ Յակոբի Հզօրին՝ ըսելով.

3

«Իմ տանս 1բնակարանը պիտի չմտնեմ Ու փռած անկողինիս վրայ պիտի չբարձրանամ,

4

Աչքերուս քուն պիտի չտամ, Ո՛չ ալ կոպերուս՝ մրափ,

5

Մինչեւ որ տեղ մը գտնեմ Տէրոջ համար, Բնակարան մը՝ Յակոբի Հզօրին համար»։

6

Ահա՛ 2անոր մասին լսեցինք Եփրաթայի մէջ, Եւ զայն գտանք անտառի դաշտերուն մէջ։

7

«Մտնե՛նք անոր 3բնակարանները, Ու երկրպագե՛նք անոր պատուանդանին քով»։

8

Կանգնէ՛, ո՛վ Տէր, մտի՛ր քու հանգստավայրդ, Դուն եւ քու զօրութեանդ տապանակը։

9

Քահանաներդ թող արդարութիւն հագնին, Ու բարեպաշտներդ թող ցնծան։

10

Քու ծառայիդ՝ Դաւիթի սիրոյն համար Քու օծեալիդ երեսը մի՛ 4մերժեր։

11

Տէրը ճշմարտութեամբ երդում ըրաւ Դաւիթի, Եւ 5զայն պիտի չուրանայ՝՝. «Քու 6ընդերքիդ պտուղէն մէկը Քու գահիդ վրայ պիտի դնեմ։

12

Եթէ քու որդիներդ պահեն իմ ուխտս ու վկայութիւններս՝ Որոնք անոնց պիտի սորվեցնեմ, Իրենց որդիներն ալ Քու գահիդ վրայ 7յաւերժ պիտի բազմին»։

13

Արդարեւ Տէրը Սիոնը ընտրեց, Եւ փափաքեցաւ որ ան ըլլայ իր բնակութիւնը՝ ըսելով.

14

«Ա՛յս է իմ յաւերժական հանգստավայրս. Հոս պիտի բնակիմ, որովհետեւ ասոր փափաքեցայ։

15

Անոր պաշարը առատութեամբ պիտի օրհնեմ, Անոր աղքատները հացով պիտի կշտացնեմ.

16

Անոր քահանաներուն փրկութիւն պիտի հագցնեմ, Եւ անոր բարեպաշտները ցնծութեամբ պիտի գոչեն։

17

Հոն Դաւիթի եղջիւր պիտի բուսցնեմ, Ու ճրագ պիտի պատրաստեմ իմ օծեալիս համար։

18

Անոր թշնամիներուն ամօթ պիտի հագցնեմ, Իսկ անոր վրայ իր 8թագը պիտի 9ծաղկի»։



1 Եբր.՝ վրանը
2 Այսինքն՝ տապանակին
3 Կամ՝ խորանը
4 Եբր.՝ հեռացներ
5 Եբր.՝ անկէ ետ պիտի չդառնայ
6 Եբր.՝ փորիդ
7 Եբր.՝ յաւերժութենէ յաւերժութիւն
8 Եբր.՝ պսակը
9 Եբր.՝ բուսնի