Loading...

Zephaniah 1

Habakkuk  «  Habakkuk 3  ‹  Zephaniah 1  ›  Zephaniah 2  »  Haggai


1

Տէրոջ խօսքը, որ Եզեկիայի որդիին՝ Ամարիայի որդիին՝ Գոդողիայի որդիին՝ Քուսիի որդիին՝ Սոփոնիայի 1ուղղուեցաւ, Յուդայի թագաւորին՝ Ամոնի որդիին՝ Յովսիայի օրերը.—


ՏԷՐՈՋ ԴԱՏԱՍՏԱՆԻՆ ՕՐԸ

2

«2Երկրի մակերեսէն ամէն ինչ բոլորովին պիտի սպառեմ,— կը պատգամէ Տէրը։—

3

Մարդն ու անասունը պիտի սպառեմ, Երկինքի թռչուններն ու ծովու ձուկերը պիտի սպառեմ, Նաեւ գայթակղութիւնները՝ ամբարիշտներուն հետ. Երկրի մակերեսէն մարդը պիտի բնաջնջեմ,— կը պատգամէ Տէրը։—

4

Իմ ձեռքս պիտի երկարեմ Յուդայի վրայ, Ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ. Այս տեղէն պիտի բնաջնջեմ Բահաղի մնացորդը, Քուրմերուն անունը՝ քահանաներուն հետ,

5

Երկինքի զօրքերուն երկրպագողները՝ տանիքներու վրայ, Տէրոջ 3երկրպագողներն ու միաժամանակ 4Մեղքոմով երդում ընողները,

6

Տէրոջմէ 5հեռացողները, Տէրը չփնտռողները Եւ անոր խորհուրդ չհարցնողները»։

7

Լո՛ւռ կեցիր Տէրոջ՝ Եհովայի ներկայութեան, Քանի որ Տէրոջ օրը մօտ է. Արդարեւ Տէրը զոհ պատրաստեց, իր հրաւիրեալները 6ընտրեց։

8

Տէրոջ զոհին օրը՝ Իշխանաւորներն ու թագաւորին որդիները պիտի 7պատժեմ, Նաեւ բոլոր օտար հանդերձ հագնողները։

9

Այդ օրը պիտի պատժեմ բոլոր սեմին վրայէն ցատկողները, Իրենց 8տիրոջ տունը բռնութեամբ ու խաբէութեամբ լեցնողները։

10

Այդ օրը,— կը պատգամէ Տէրը,— Աղաղակի ձայն պիտի լսուի Ձուկերու դռնէն, Գոռում՝ Երկրորդ թաղէն, Ու մեծ 9ճայթիւն՝ բլուրներէն։

11

Գոռացէ՛ք, ո՛վ 10Ցած թաղին բնակիչները, Քանի որ ամբողջ 11վաճառական ժողովուրդը բնաջնջուեցաւ, Բոլոր արծաթ բերողները կոտորուեցան։

12

Այդ ատեն Երուսաղէմը ճրագներով պիտի խուզարկեմ, Եւ գինիի պէս իրենց մրուրին վրայ 12հանգչող մարդիկը պիտի պատժեմ, Որոնք իրենց սիրտին մէջ կ’ըսեն. “Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ, ո՛չ ալ չարիք”։

13

Անոնց գոյքերը աւար պիտի ըլլան, Եւ անոնց տուները՝ ամայութիւն. Տուներ պիտի կառուցանեն, բայց անոնց մէջ պիտի չբնակին, Այգիներ պիտի տնկեն, սակայն անոնց գինին պիտի չխմեն»։

14

Տէրոջ մեծ օրը մօտ է. Մօտ է, ու շատ կը շտապէ։ Տէրոջ օրուան ձայնը կը լսուի. Նոյնիսկ զօրաւորը հոն դառնապէս 13պիտի աղաղակէ՝՝։

15

Այդ օրը ցասումի օր է. Տագնապի ու տուայտանքի օր, Կործանումի եւ աւերումի օր, Խաւարի ու մթութեան օր, Ամպի եւ մառախուղի օր է։

16

Շեփորի ու գոչիւնի օր է՝ Պարսպապատ քաղաքներու եւ բարձր աշտարակներու դէմ։

17

Մարդիկը պիտի տագնապեցնեմ. Կոյրերու պէս պիտի շրջին, Քանի որ Տէրոջ դէմ մեղանչեցին։ Անոնց արիւնը հողի պէս պիտի թափուի, Ու մարմինները՝ կղկղանքի պէս։

18

Տէրոջ ցասումին օրը՝ Անոնց արծաթն ու ոսկին անգամ Պիտի չկարենան զանոնք ազատել, Հապա ամբողջ երկիրը անոր նախանձախնդրութեան կրակով պիտի 14սպառի, Քանի որ ան արտորալով երկրի բոլոր բնակիչները պիտի 15բնաջնջէ։



1 Եբր.՝ եղաւ
2 Եբր.՝ Հողին
3 Եբր.՝ երկրպագողներն ու անով երդում ընողները
4 Կամ՝ Իրենց թագաւորով
5 Եբր.՝ ընկրկողները
6 Եբր.՝ սրբացուց
7 Եբր.՝ հատուցանեմ
8 Կամ՝ տէրերուն
9 Եբր.՝ փլուզում
10 Եբր.՝ Մաքթէսի, այսինքն՝ Երուսաղէմի ցած թաղին
11 Եբր.՝ քանանացի վաճառական
12 Եբր.՝ հանդարտ կեցող
13 Եբր.՝ բարձրաձայն պիտի գոչէ
14 Եբր.՝ լափուի
15 Եբր.՝ սպառէ